Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումի Հետաքննութիւն. Դատաւոր Սուուան Կը Հարցաքննէ Զաայթերն Ու Մաալուֆը

Սեպտեմբեր 17, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին դրդապատճառները քողազերծելու նպատակով բացուած հետաքննութեան շրջագիծին մէջ, Արդարութեան գերագոյն խորհուրդի նաւահանգիստի պայթումի հետաքննութեան պատասխանատու դատաւոր Ֆատի Սուուան երէկ իբրեւ վկայ հարցաքննեց հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախկին նախարար Ղազի Զաայթերը, ինչպէս նաեւ դատաւոր Ժատ Մաալուֆը, որ երեք տարի առաջ Պէյրութի շտապ հարցերու դատաւորն էր:

Դատաւոր Սուուան այսօր պիտի հարցաքննէ Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար հազարապետ-զօրավար Մահմուտ Ասմարը, ինչպէս նաեւ այլ զինուորականներ եւ ապահովական կառոյցներու պատասխանատուներ:

Միւս կողմէ, Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերու տնօրէնութիւնը յայտնեց, որ պայթումէն 44 օր ետք իրենց ուժերը տակաւին կը շարունակեն Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ որոնողական ու փրկարար աշխատանքները` համագործակցութեամբ լիբանանեան բանակին:

Նշենք, որ Միջազգային Կարմիր խաչի նախագահ Փիթըր Մաուրիր հաստատեց լիբանանեան պետութեան ձախողութիւնը եւ անկարողութիւնը` տագնապին հետ վարուելու իմաստով:

Պէտք է աւելցնել, որ ընդհանուր դատախազ Ղասսան Օուէյտաթ յայտնեց, որ Պէյրութի նաւահանգիստի ազատ գօտիին մէջ բռնկած երկրորդ հրդեհը դիտմամբ չէ արձանագրուած, այլ` անիկա հետեւանք է անփոյթ շինութիւններու:

 

Նախորդը

Օրթակուս. «Ֆրանսացիները Պէտք Է Իմանան, Որ Հըզպալլա Ահաբեկչական Կազմակերպութիւն Է Եւ Չի Կրնար Լիբանանցիներուն Պահանջած Բարեկարգումները Գործադրել»

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Լազարինիի Հետ Քննարկեց Տեղահանուածներուն Վերաբերող Հարցեր

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?