«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ին կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Եւրոպայի գերբաժակի ֆութպոլի մրցաշարքին գծով տեղի ունենալիք Պայէրն Միւնիխ-Սեւիլլա մրցումին իրաւարարները պիտի ըլլան՝ Անգլիայէն:
Յառաջիկայ 24 սեպտեմբերին, Հունգարիոյ մայրաքաղաք՝ Պուտափեշտի մէջ տեղի ունենալիք այս մրցումին կեդրոնի գլխաւոր իրաւարարը պիտի ըլլայ՝ Անթոնի Թէյլըր: Իսկ կողմի իրաւարարները պիտի ըլլան՝ Կերի Պեսունք եւ Էտըմ Նեն:
Նշուեցաւ, որ «Փուշքաշ-Արենա» մարզադաշտը, որ կրնայ հիւրընկալել 67 հազար հանդիսադես, լեցուած պիտի ըլլայ միայն 30 տոկոսով: