Ֆրանսական Լանս աղջկանց ֆութպոլի խումբին մաս կազմող՝ Մարալ Արթին վերադարձաւ Ալաշկերտ, այս գծով յայտնեց երեւանեան ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Հայաստանի աղջկանց հաւաքականին 20 տարեկան յառաջապահ՝ Արթին, որ նախապէս մաս կազմած է նաեւ Պայէրն Միւնիխի պատանեկան խումբերուն, նախորդ տարի Ալաշկերտի հետ մասնակցելէ ետք աղջկանց «Չեմփիընզ-Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին, տեղափոխուած էր Ֆրանսա:
Նշենք, որ Հայաստանի աղջկանց բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան Ա. հանգրուանի մրցումներուն, Ալաշկերտի մրցակիցը պիտի ըլլայ Հայասա խումբը: Այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ Գիւմրիի մէջ: