Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սամ Խայեաթին

Սեպտեմբեր 11, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը սկսաւ 13 Ապրիլ 1975ին՝ «ռաունտ»երով։ Առաջին, երկրորդ, երրորդ… երբ մարդիկ կարծեցին, թէ ալ վերջ գտաւ, հարցերը լուծուեցան…։

Երրորդ «ռաունտ»ի տաք Կիրակի մըն էր, երբ Էշրէֆիէի «Ազատամարտ» ակումբին մօտ ինկան հրասանդի երկու ռումբեր, վիրաւորելով տասնեակ մը հայորդիներ եւ պահակ տղաք։ Սամ Խայեաթը, որ կը բնակէր ակումբին յաջորդ՝ զուգահեռ փողոցին վրայ, միայն այդ օր իմացած էր, որ իր տան կռնակը հայկական ակումբ մը կայ…

Ինք հայկական դպրոց չէր յաճախած, համալսարանական ուսումն ալ իրեն առիթ չէր տուած, որ առնչուի հայկական միջավայրին։ Ատկէ՝ իր թոյլ հայերէնը, այդ սկզբնական ամիսներուն։

Բայց եւ այնպէս, երբ կռիւները վերսկսան նոյն տարուան Սեպտեմբերին, Սամ Խայեաթն ալ ներկայացաւ ակումբ, իր ծառայութիւնը ի սպաս դնելու համար։ Եկաւ ակումբ ու… մնաց հոն։

Սամը մնաց ակումբ ու ծառայեց ակումբին։ Բոլորս ալ սիրեցինք զինք ու ինք ալ՝ մեզ։ Բնաւորութեամբ հանդարտ, բարեհամբոյր ու տրամաբանող էր։ Յախուռն չէր. հեռուէն նայողին համար, Սամը չորուցամաք մէկն էր… Սակայն այդ «պաղ-զաւակ» նկատուած տղան անհաւատալիօրէն ջերմ հոգի մը ունէր, գուրգուրացող ու սիրով լեցուն ներաշխարհ մը։

Յարաբերաբար խաղաղ 1977ին, ինք սկսաւ պաշտօնավարել Համազգայինի տպարանէն ներս, իբրեւ տնօրէն Երուանդ Մոնոֆարեանին օգնական։ Սամը ինկած էր… հայկականութեան «մեղրի կարասին» մէջ, որովհետեւ ինչպէս շատերը գիտեն, տպարանը, գրախանութը եւ Նշան Փալանճեան ճեմարանը կը գտնուէին նոյն շրջափակէն ներս։

Ճեմարան եւ «Ազատամարտ» ակումբ, ասոնք եղան Սամ Խայեաթին բնական տարերքը, հայկական եւ դաշնակցական աշխարհը։ Ու հոն ալ աճեցաւ ինք։ Անխոնջ կը կարդար իր ազատ ժամերուն. իսկ իրիկունները, երբ ակումբ կու գար, կարդացածներուն մասին հարցումներ կ՚ընէր, յաւելեալ լուսաբանութիւններ կ՚ուզէր։ Սամը սկսաւ անյագօրէն իւրացնել դաշնակցական գաղափարական գրականութիւնը եւ սկզբունքները ու զանոնք մաս դարձուց իր էութեան, յատկութիւն մը, որ հարստացուց իր ներաշխարհը եւ կազմակերպական կոփուածութիւնը։

Շուտով անցաւ Հ.Յ.Դ. շարքերը ու սկսաւ ծառայել կոմիտէութենէն ներս, իբրեւ ակումբի վարչութեան, կամ զանազան յանձնախումբերու անդամ։ Ապա նաեւ՝ կոմիտէի անդամ։ Կոմիտէի ժողովներուն, Սամը սակաւախօս էր. ուշի ուշով կը հետեւէր քննարկումներուն ու յանկարծ կը կատարէր այնպիսի դիտարկումներ, որոնք յանկարծակի կը դիւրացնէին հարցին լուծումը, կամ՝ սխալ ընթացք ստացած խնդիրը կը բերէր իր ճիշդ ու արդար լուծումի ուղիին։ Ասիկա Սամին մեծ առաւելութիւններէն էր՝ իր վարչագիտութեան կողքին։

Շրջանէն ներս տիրող ապահովական ամենածանր պահերուն իսկ, յատկապէս 1978-79 տարիներուն, Սամը երբեք չկորսնցուց իր սթափ դատողութիւնը։ Չկորսնցուց նաեւ իր… սրամտութիւնը։ Իրեն համար կողմնացոյցը եւ առաջնահերթութիւնը յստակ էին՝ շրջանի ժողովուրդին ապահովութիւնը։ Դաշնակցական մարդու՝ Սամին այս յատկութիւնը արդիւնքն էր իր գափարական ամրութեան եւ նուիրումին։ Հանդարտօրէն, ինք մնաց անշեղ, իրեն յատուկ իմացական լայն ներաշխարհին ձայնին անսալով։

Իր սակաւախօսութիւնը եւ կարճ-կտրուկ խօսելաձեւը շատերուն համար անհասկնալի էին։ «Ազատամարտ» ակումբէն ներս գաղափարական ու ազգային խնդիրներու շուրջ մեր ընկերական վէճերուն ընթացքին, մինչ Յարութիւն Վարժապետեանը (ուրիշ երախտաւոր մը) իրեն յատուկ կրքոտութեամբ կը պաշտպանէր տեսակէտ մը, Սամը երբեմն մէկ ու միակ հարցադումով մը (յաճախ սրամտութեամբ համեմուած) փուլ կը բերէր անոր կառուցած ամբողջ թեզը եւ Յարութիւն Վարժապետեանը այս անգամ կը պայթէր… Մինչ Սամը քիթին տակէն միայն կը ժպտէր։

Ինչքան ընկերականութիւն կար մեր ակումբէն ներս, սէր ու նուիրում կար հոն եւ Սամ Խայեաթը իր անվիճելի ներդրումը ունէր այդ դրական մթնոլորտին ստեղծումին ու պահպանումին մէջ։ Իրմէ միշտ դրականութիւն կը ճառագայթէր. երբեք ժխտականութիւն չէ ներշնչած ինք։ Ատոր համար ալ, դաշնակցականի իր կերպարը արդարամտութիւն կը պարտադրէր իր չորս դին, մանաւանդ կազմակերպական որոշումներ կայացնելու ընթացքին։

1982ի ամառը, իսրայէլեան ներխուժումի օրերուն, ծանր ռմբակոծումով յատկանշուած Կիրակի օր մը, խումբով գացինք Սամին տունը, հագցուցինք իր փեսայութեան պաշտօնական զգեստը, տարինք եկեղեցի ու պսակեցինք Հելէն Խաչերեանին հետ։ Կազմեց տուն եւ ընտանիք, եղաւ հայր, բայց «Ազատամարտ»ը միշտ մնաց իր «միւս» տունը։ Վստահ եմ, որ մեծ եղաւ Հելէնին դերը, որ Սամը կրցաւ հաւասարապէս տիրութիւն ընել իր զոյգ «տուներուն»։

Սամին ընկերականութիւնը եւ զուարթախոհութիւնը յատկանշող դրուագներ շատ կան բոլոր անոնց մօտ, որոնք իրեն մտերիմ եղած են։ Փիեռ Գուլաճեանը կրնայ վկայել… իրեն կրնաք հարցնել։ Բայց հոս կարեւոր է ընդգծել հետեւեալը.-

Պատմութիւնը պիտի արձանագրէ, որ «Ազատամարտ» ակումբը հիմնուած է իսկական նուիրեալներու կողմէ՝ Սուրէն Անթոյեան, Հայկազուն Եափուճեան, Րաֆֆի Պէրպէրեան, Հայկազ Պօղոսեան՝ իրենց ընկերներով, բոլորն ալ Եղեռնէն ճողոպրած հաւատաւորներ։ Իրենցմէ վերջ, իրենց գործը շարունակեցին ուրիշներ՝ Գէորգ Կիւրկէնեան (նահատակուած 1976ի Յունուարին), Մարտիրոս Թասլագեան, Հայկազուն Թրթռեան, Վահէ Յակոբեան, Յակոբ Քիւրտեան (Քիւրտ Յակոբ), Քրիս Աբգարեան, Յարութիւն Վարժապետեան, Երուանդ Մոնոֆարեան, Երուանդ Տէմիրճեան, Վարդգէս Հայրապետեան, Ընկեր Խչոն (Գերպապեան), Պարգեւ Գերպապեան եւ շատ ուրիշներ։ Բոլորն ալ գաղափարի, դաշնակցական գաղափարի իսկական մարտիկներ։ Սամ Խայեաթին անունը անքակտելիօրէն կապուած պիտի մնայ Էշրէֆիէ թաղամասի «Ազատամարտ» ակումբի պատմութեան հետ։

Որովհետեւ Սուրէն Անթոյեանէն մինչեւ Սամ Խայեաթ, բոլորն ալ անձնուրաց կերպով ծառայեցին մեր ժողովուրդին, առանց որեւէ բան սակարկելու, ճիշդ այնպէս, ինչպէս դաստիարակուած էին Հ.Յ.Դաշնակցութեան իւրօրինակ համալսարանէն ներս։

Երանի ա՛յս համալսարանը յաճախած «ուսանողներուն»։ Երանի Սամին ու իրեն նախորդած միւս ընկերներուն։

Պատիւ ու յարգանք բոլորին։

Լոս Անճելըս
Օգ. 31, 2020

 

 

Նախորդը

Ֆրանսական Կառավարութիւնը Արգիլեց Փարիզի Մէջ «Դեղին Բաճկոն»-երու Ցոյցը

Յաջորդը

ՀՅԴ-ի Համաներման Առիթով

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?