Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Թուրքիոյ Եւ Իրանի Միջեւ Երկխօսութիւնը Վճռորոշ Դեր Ունեցաւ Շրջանային Բազմաթիւ Խնդիրներու Լուծման Մէջ» Ըսած Է Էրտողան

September 10, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երեքշաբթի օր Թուրք-իրանեան համագործակցութեան բարձրագոյն խորհուրդի տեսաժողովի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնած է. «Թուրքիոյ եւ Իրանի միջեւ երկխօսութիւնը վճռորոշ դեր ունեցաւ շրջանային բազմաթիւ խնդիրներու լուծման մէջ: Ես վստահ եմ, որ մեր գործակցութիւնը համաճարակի («Քորոնա» ժահրին «Ա.») նահանջով պիտի վերադառնայ իր նախկին մակարդակին»: Այս մասին կը հաղորդէ «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը:

Ան յոյս յայտնած է, որ երկու երկիրներուն միջեւ գումարուող ժողովներն ու խորհրդակցութիւնները երկու կողմերուն բարիք կը բերեն` նշելով. «Բարձր մակարդակի համագործակցութեան մեքանիզմը թուրք-իրանեան բարեկամութեան ցուցանիշներէն մէկը կը նկատուի»:

«Համաճարակի սկիզբը մեր ուղարկած բժշկական սարքերով իրանցի ժողովուրդի կողքին մեր կանգնիլը ցոյց տուինք», ըսած է ան` աւելցնելով. «Երկու երկիրները համաճարակի փուլէն դուրս պիտի գան աւելի հզօրացած, եւ կը կարծեմ, որ այսօր մեր որդեգրելիք որոշումները պիտի արագացնեն մեր երկկողմանի յարաբերութիւններուն զարգացումը»:

«Անատոլու» կը հաղորդէ, որ ժողովէն բխած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, թէ երկու երկիրները կը շեշտեն իրենց կողմէ ՔԱԿ-ի եւ անոր իրանեան թեւին` ՓԻԺԱՔ-ի ու այլ ահաբեկչական խմբաւորումներուն դէմ համակարգուած քայլերու որդեգրումը, ներառեալ զինուորական միացեալ գործողութիւններու շղթայազերծումը ահաբեկչական տարրերու դէմ, որոնք կը գործեն երկու երկիրներուն սահմաններուն երկու կողմերուն վրայ, եւ ամբողջովին օգտուելու այդ առնչութեամբ գործակցութեան մեքանիզմներէն:

Երկու կողմերը վերահաստատած են տնտեսական նոր մարզերու մէջ գործակցութեան ոլորտները զարգացնելու կարեւորութիւնը` փոխելու համար երկու երկիրներուն միջեւ առեւտրական շրջանառութեան մէջ արձանագրուած նահանջը:

Երկու երկիրները հաստատած են, որ կը հաւատան Սուրիոյ տագնապին Ասթանայի հոլովոյթին եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի 2254 թիւ որոշումին համահունչ քաղաքական լուծման կարելիութեան:

Երկու երկիրները նաեւ շեշտած են իրենց աջակցութիւնը Պաղեստինեան դատին` ընդդէմ կարգ մը երկիրներու կողմէ զայն տկարացնելու փորձերուն:

 

Նախորդը

Թրամփ. «Ամերիկան Հեռու Պիտի Պահենք Արտաքին Անհեթեթ Պատերազմներէն, Որոնք Վերջ Չունին»

Յաջորդը

Նեթանիահու «Պատմական» Համաձայնագիր Ստորագրելու Համար Պիտի Այցելէ Ուաշինկթըն

RelatedPosts

Թրամփ Մերժած Է Հորմուզի Նեղուցը Վերաբանալու Իրանի Առաջարկը
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Մերժած Է Հորմուզի Նեղուցը Վերաբանալու Իրանի Առաջարկը

September 28, 2026
Փարիզի Մէջ Աւելի Քան 600 Հազար Մարդ Մասնակցեցաւ Հռոմի Պապի Պատարագին
Միջազգային

Փարիզի Մէջ Աւելի Քան 600 Հազար Մարդ Մասնակցեցաւ Հռոմի Պապի Պատարագին

September 28, 2026
Հզօր Պայթում` Աթէնքի Զբօսաշրջային Կեդրոնին Մէջ. Առնուազն Երկու Մարդ Զոհուած Է
Միջազգային

Հզօր Պայթում` Աթէնքի Զբօսաշրջային Կեդրոնին Մէջ. Առնուազն Երկու Մարդ Զոհուած Է

September 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.