Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«17 Հոկտեմբերի Շարժումը Հոյակապ Էր, Եթէ Խոհեմութեամբ Շարունակուէր» Շեշտեց Նախագահ Աուն

September 2, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ ընկերային ցանցերուն վրայ կատարուած գրառումի մը ընդմէջէն յայտնեց, որ Կեդրոնական դրամատունը իրաւական հաշուեքննութեան ենթարկելու պայմանագիրը արդէն իսկ ստորագրուած է` ընդգծելով, որ անիկա բարեկարգումի ճամբուն վրայ սպասուող անկիւնադարձային քայլ է:

Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ փտածութեան դէմ պայքարի առումով իր խոստումները պիտի գործադրէ` աւելցնելով, որ ինչպէս ինք այս հարցը հետապնդեց մինչեւ պայմանագիրի ստորագրութիւնը, նոյնպէս ալ պիտի շարունակէ հետեւողական ըլլալ` մինչեւ իրաւական հաշուեքննութեան գործադրութիւնը:

Միւս կողմէ, նախագահ Աուն անցեալ շաբաթավերջին արտասանած իր ուղերձէն ետք նախագահական պալատին մէջ ունեցած էր հարցազրոյց մը, որուն մէջ շեշտած էր, թէ ինք չէ փոխուած, այլ` նոյնն է, «սակայն ներքին եւ արտաքին առումով իրարու հետ մրցակցող ուժերն ու պետութիւնները, ինչպէս նաեւ ոմանց արտաքին յարաբերութիւնները խոչընդոտած են աշխատանքի ուղիս», ըսաւ ան:

Նախագահ Աուն հաստատեց, որ համախոհական վարչակարգը կ՛անդամալուծէ երկիրը եւ կը սառեցնէ որոշումները, որքան ալ կարեւոր ըլլան անոնք», ըսաւ ան:

Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ երկրին մէջ ներկայիս կան քանի մը հանրապետութիւններ` աւելցնելով, որ պէտք է վերականգնել լիբանանեան միակ հանրապետութիւնը:

Ան շեշտեց, որ հակառակ անոր որ տնտեսական փլուզումը, 30 տարուան սնանկութիւնը, Սուրիոյ պատերազմին հետեւանքները, «Քորոնա»-ի համաճարակին դժուարութիւնները, իսկ վերջերս Պէյրութի նաւահանգիստին պայթումին աղէտը բոլորը իր իշխանութեան օրով պատահած են, սակայն ինք կը մնայ նոյնը:

Նախագահ Աուն հաստատեց, որ լիբանանեան ջուրերուն մէջ գտնուող 4-րդ նաւթահորին մէջ բնական կազ կայ` աւելցնելով, որ աւելի ուշ պիտի բացայայտուին քաղաքական այն պայմանները, որոնց պատճառով կազի արտաբերման աշխատանքը կասեցուեցաւ:

Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին մասին հարցումի մը պատասխանելով` նախագահ Աուն յայտնեց, որ այդ պայթումին վերաբերող  հետաքննութիւնները գաղտնի կը կատարուին` աւելցնելով, որ այդ հետաքննութիւնը պէտք չէ սկսի այն թուականէն, երբ պայթուցիկ նիւթը հասաւ նաւահանգիստ, այլ` պէտք է յստակացնէ, թէ այդ նիւթերը փոխադրող նաւը ուրկէ՞ հասաւ Պէյրութ եւ ինչո՞ւ իր ուղղութիւնը փոխեց` նկատի ունենալով, որ անիկա այլ վայր կ՛ուղղուէր, եւ ո՞վ է այդ նաւուն պատասխանատուն:

Նախագահ Աուն հաստատեց, որ այն ղեկավարը, որ կը խուսափի պատասխանատուութիւն ստանձնելէ` արժանի չէ իշխանութեան վրայ ըլլալու:

Ան շեշտեց, որ ինք չի վախնար Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հարցով լիբանանցիներուն հետ առերեսուիլ` աւելցնելով, որ իր ձեռքերն ու խիղճը մաքուր են: Ան նկատել տուաւ, որ ինք տեղեակ չէ եղած պայթուցիկ նիւթերու հարցէն` ընդգծելով, որ երբ այդ լուրը հասաւ իրեն, շատ ուշ էր արդէն:

Նախագահ Աուն նշեց նաեւ, որ 17 հոկտեմբերի շարժումը հոյակապ էր, եթէ խոհեմութեամբ շարունակուէր: Ան ըսաւ, որ այդ շարժումը կը շարունակէ ապրիլ, եթէ յաջողի ժողովուրդին համար բարեկարգում մը կատարել:

Նախագահ Աուն յայտնեց, որ Պքերքէի հետ յարաբերութիւնները բնականոն են` աւելցնելով, որ Պքերքէի քաղաքական կեցուածքները յառաջդիմական են:

Նախագահ Աուն հարցազրոյցի աւարտին փափաք յայտնեց, որ պատմութիւնը զինք յիշէ ինչպէս որ է` աւելցնելով, որ ինք միշտ կը փափաքի երիտասարդներուն հետ հանդիպիլ եւ զանոնք նախագահական պալատ կը հրաւիրէ` ուղղակի հանդիպումի եւ երկխօսութեան համար:

«Կը մաղթեմ, որ Լիբանանի երկրորդ 100-ամեակը ըլլայ յատկանշական եւ կը սկսի ժողովուրդին զարթնումով, ժողովուրդին կողմէ պատմութեան արժեւորումով, հարցերուն արմատները բացայայտելով եւ որոշ կեցուածքներ սրբագրելով` փոփոխութիւն իրականացնել կարենալու համար», եզրափակեց ան:

 

Նախորդը

Մուսթաֆա Ատիպ Այցելեց Հանրապետութեան Միւֆթիին

Յաջորդը

«Եթէ Խոստացուած Յանձնառութիւնները Մինչեւ Հոկտեմբերի Աւարտ Չգործադրուին, Ապա Միջազգային Ընտանիքին Պիտի Փոխանցեմ, Թէ Կարելի Չէ Օժանդակել Լիբանանին» Շեշտեց Էմանուէլ Մաքրոն

RelatedPosts

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ Տեսակցեցաւ Պըն Ֆարհանի Հետ
Լիբանանեան

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ Տեսակցեցաւ Պըն Ֆարհանի Հետ

September 28, 2026
Հըզպալլա Ոգեկոչեց Սէյիտ Հասան Նասրալլայի Եւ Սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտինի Սպանութեան Երկրորդ Տարելիցի Յիշատակը
Լիբանանեան

Հըզպալլա Ոգեկոչեց Սէյիտ Հասան Նասրալլայի Եւ Սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտինի Սպանութեան Երկրորդ Տարելիցի Յիշատակը

September 28, 2026
Միւֆթի Քապալան. «Լիբանան Ենթակայ Է Ատլանտեան Եւ Սիոնական Ահաբեկչական Պատերազմի»
Լիբանանեան

Միւֆթի Քապալան. «Լիբանան Ենթակայ Է Ատլանտեան Եւ Սիոնական Ահաբեկչական Պատերազմի»

September 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.