Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Փրկութեան Կառավարութեան Հրամայականը

Օգոստոս 25, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միջազգային, շրջանային եւ լիբանանեան մակարդակներու վրայ Լիբանանի քաղաքական գործընթացներուն վերաբերող յայտարարութիւններն ու մամլոյ հրապարակումները կ՛ընդգծեն պայմանական մօտեցում մը` միջազգային ընտանիքէն դէպի լիբանանեան բեմ:

Թէեւ երեւցող կողմը միջազգային ընտանիքին  կողմէ Ֆրանսան է, որ աշխուժ միջնորդութիւն կատարելով փորձ կը կատարէ հանգուցալուծում ապահովելու, այդուհանդերձ կայ համոզում, որ անիկա բոլորովին ինքնուրոյն չի շարժիր Լիբանանի մէջ: Մինչ, Փարիզը սուրիական, իրաքեան թատերաբեմերէն իր բացակայութիւնը կ՛ուզէ հակակշռել Լիբանանով, Ուաշինկթընը, Ռիատը, Թեհրանը եւ նոյնիսկ Անգարան կը յուշեն, որ իրենց հետ համաձայնեցնելով է, որ Ֆրանսայի նախագահը բեկումնային շրջադարձներ կրնայ ապահովել միայն Լիբանանի մէջ:

Փարիզի վերադարձը ուրեմն մայրիներու երկիր այնքան ալ դիւրին չէ. հոգատարութիւնը եւս ապակեդրոնացուած է եւ գօտիներու բաժնուած. միաբեւեռ հոգատարութեան դրութիւնը, կը թուի, որ դժուար իրագործելի է:

Այս հանգամանքները նկատի ունենալով` Ֆրանսայի նախագահին երկրորդ այցելութեամբ միայն չի պայմանաւորուիր ուրեմն Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան գործընթացի մեկնարկը: Տեսականօրէն կ՛արծարծուի ոչ դասական պատկերացում մը նոր կառավարութեան, հեռու` աւանդական ուժերու ներկայացուցչական դրութենէն: Ազգային միասնականութեան անունին տակ կազմուելիք կառավարութիւնը առաջադրուած ձեւաչափին չի համապատասխաներ, որովհետեւ պահանջուածը տնտեսական գործառոյթներ իրականացնող մասնագիտական խումբն է: Թէեւ քաղաքական ընթերցումով ատիկա կրնայ պատրուակային առաջադրանք ընկալուիլ` շրջելու համար աւանդական պետական դաշտ:

Զուգահեռ, գէթ յայտարարողական մակարդակի վրայ, թէ՛ միջազգային եւ թէ՛ լիբանանեան շրջանակներ կ՛առաջադրեն կամ կ՛իմացնեն, որ չեն արգելակեր Հարիրիի գլխաւորութեամբ կազմուելիք դահլիճի կազմութիւնը: Մինչ, նախկին վարչապետին շրջանակները մամուլին մէջ շրջանառութեան տակ կը դնեն Հարիրիի պայմանական մօտեցումները ոչ աւանդական ձեւաչափով եւ հիմնական ուժեր բացառելով կառավարութիւն կազմելու: Այդ հրապարակումները կ՛երթան աւելի հեռու` ըսելու համար, որ «բարեկարգումներ առաւել  արտահերթ ընտրութիւններ» բանաձեւով միայն կարելի է կազմել կառավարութիւն:

Այս պայմանական մօտեցումները այստեղ չեն աւարտիր անշուշտ: Կայ միջազգային պայմանը: Միայն նման ձեւաչափի կիրարկումն է, որ տեղի պիտի տայ Լիբանանի ֆինանսական-տնտեսական ապաշրջափակումին:

Անշուշտ այս բոլոր տեսական վերլուծումները կախեալ են լուսարձակներէ հեռու ընթացող բանակցութիւններէ եւ գործարքներէ: Սկսած է փաստօրէն Իսրայէլ-արաբական երկիրներ դիւանագիտական կապերու հաստատման գործընթացը: Միացեալ Նահանգներու նախագահը կը յայտարարէ, որ իր վերընտրութենէն ետք ամիսներու հարց է Թեհրանի հետ յարաբերութիւններու հաստատման մեկնարկը: Դէպի Լիբանան հասնող օժանդակութիւններու շարքին անարգել կը հասնին նաեւ իրանեան պետութեան տրամադրած օժանդակութիւնները: Նախագահ Աուն չի հերքեր իր պետութեան պատրաստակամութիւնը ջրային սահմանազատման գործընթացի սկսման առումով:

Պարզ երեւցածը այն է, որ Լիբանանը կ՛ապաշրջափակուի եւ տնտեսապէս կը վերսկսի շնչել, եթէ բաւարարուին միջազգային պահանջները: Այդ պահանջները բարեկարգումներու տեսքով են, ըստ էութեան սակայն խորապէս քաղաքական` սկսելով Հըզպալլայի կարեւոր քայլերով ետ մղուելէն, մինչեւ ջրային սահմանազատումներ, հասնելու համար պաղեստինցիներու բնակեցման օրակարգին:

Այս առեւտուրի վերիվայրումներէն կախեալ են  կառավարութիւն կազմելու լաւատեսութիւն եւ յոռետեսութիւն փոխանցող նախադրեալներու ելեւէջները:

Լիբանանեան շահերէն բխածը` փրկութեան կառավարութիւնն է: Փրկութեան հրամայականը կ՛ենթադրէ գահավէժ, դէպի քաոս ուղղուող ընթացքէ շտապ շրջադարձ կատարել: Այս փուլին, լիբանանեան բոլոր կողմերը անխտիր պաշտօնապէս պէտք է յայտարարեն այն, որ յայտարարեց Հայկական երեսփոխանական  պլոքի ներկայացուցիչը: Լիբանանին անյետաձգելիօրէն անհրաժեշտ է փրկութեան կառավարութիւն մը, որպէսզի փրկէ երկիրն ու անոր հետ լիբանանցի ժողովուրդը: Իսկ փրկութեան գործողութիւնը կ՛ենթադրէ արագ, համախումբ եւ նպատակաուղղուած քայլեր.  առանց սակարկութիւններո, առանց իրար չէզոքացնելու կամ իրար նկատմամբ թուաբանական առաւելներ շահելու:

Սպառած են արդէն երկար ձգձգումներով եւ անհամաձայնութիւններով կառավարութեան կազմութեան գործընթացը անորոշութեան մատնելու բոլոր եղանակներն ու միջոցները:

Փրկութեան կառավարութեան կազմութիւնը փրկարար արագ գործողութիւններով պայմանաւորուած է: Յապաղումը կը հարուածէ փրկութեան առաջադրանքը:

 

Նախորդը

«Հայաստանի Անկախութեան Հռչակագիրն Անանց Փաստաթուղթ Է»

Յաջորդը

Կութիերես Կը Զգուշացնէ, Որ Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Լարուածութիւնը Կրնայ Աշխարհը Բաժնել «Երկու Դաշինք»-ի

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?