4 օգոստոսին պատահած Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումը իր ժխտական անդրադարձը ունեցաւ Պէյրութի եւ արուարձաններու բնակչութեան վրայ: Ահաւոր պայթումէն անմիջապէս ետք, բարեսիրական հաստատութիւններ, կուսակցութիւններ, կազմակերպութիւներ եւ երկիրներ իրենց նեցուկն ու օժանդակութիւնը ցուցաբերեցին Լիբանանին եւ անոր ժողովուրդին:
Անհատական նախաձեռնութիւնները եւս աշխուժացան: Շարք մը նախաձեռնութիւններու կողքին, յատկանշական էր ուսանող Եարա Մրատի նախաձեռնութիւնը, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ լիբանանցի ուսանող է, եւ այժմ լիբանանի կը գտնուի: Ան կրցած է Միացեալ Նահանգներ ապրող լիբանանցիներէ եւ ոչ լիբանանցիներէ նուիրատուութիւններ հաւաքել եւ արդէն 7 օգոստոսին, խումբ մը ընկերներու հետ, պայթումէն 3 օր ետք, պայթումէն տուժած ընտանիքներուն սննդնամթերքի տուփեր բաժնել:
7 օգոստոսին Եարա Մրատն ու իր ընկերները, ՀՅԴ «Ն. Դուման» կոմիտէի օժանդակութեամբ, Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ բակը, 100 ընտանիքներու սննդանիւթի տուփեր բաժնուեցան: Աւելի ուշ, ան ստաձնեց նաեւ 50 հիւանդի դեղորայքի ապահովումը: