Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութիւնը(«ԱՀԿ»), անթոյլատրելի կը համարէ մարզական միջոցառումներու ընթացքին հանդիսատեսներու ներկայութիւնը:
«Հանդիսատեսներու վերադարձը՝ մարզադաշտ, կրնայ սարսափելի հետեւանքներ ունենալ: 40, 50, 60 հազար անձեր մարզադաշտէն դուրս ելլելէ ետք, պիտի գործածեն հանրակառքեր, պիտի մեկնին սրճարաններ, ճաշարաններ, մեծապէս շատցնելով «Քորոնա» ժահրին տարածումը», յայտնեց «France24»-ը:
Անիկա անթոյլատրելի կը համարէ հանդիսատեսներուն վերադարձը՝ մարզադաշտ, նկատի ունենալով, որ ցարդ կարելի չէ եղած յաղթահարել այդ ժահրին: