«Ազդակ»-ի աշխատակիցներէն Մաթիկ Էպլիղաթեան յատուկ «Ազդակ»-ին կը տեղեկացնէ, որ համայն աշխարհին ծանօթ, Ժընեւի Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան հրապարակը 28 յուլիսին երկու ժամուան համար կարելի էր կոչել «Հայաստանի հրապարակ», ուր Հայաստանի զօրակցութեան ցոյցին մասնակցելու համար հաւաքուած էին Զուիցերիոյ զանազան քաղաքներէն եկած հայորդիներ: Զուիցերիոյ, Հայաստանի եւ Արցախի դրօշներու կողքին ցուցարարները բարձրացուցած էին այս առիթով պատրաստուած բազմաթիւ պաստառներ, որոնց մէջ յատկանշական էին երկու երգիծանկարներ` Ցիւրիխէն Ագնէս Աւագեանի վրձինով, որուն կրկնօրինակները բերուած էին հրապարակ:
Լրիւ երկու ժամուան տեւողութեամբ` կէսօրուան ժամը 12:00-14:00, զուիցերահայերը իրենց ներկայութեամբ, պատշաճ պատրաստութեամբ եւ յայտագիրով, յաղթական տրամադրութեամբ փաստեցին, որ աշխարհասփիւռ հայութիւնը իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ Հայաստանին եւ հայոց քաջարի բանակին, որ արդէն երկու շաբաթներէ ի վեր կը մարտնչի Արցախի սահմաններէն հեռու, Հայաստանի մարզերէն Տաւուշի մէջ, ազերի ոսոխին համաթուրանական ախորժակներուն դէմ:
Ամրան տաք եղանակը, համաճարակի զգուշաւորման միջոցառումները, յատկապէս տարեցներու բացակայութիւնը եւ արձակուրդի ժամանակաշրջանը նկատի ունենալով հանդերձ, շուրջ հինգ հարիւր հոգիի ներկայութիւնը աննախընթաց էր, այլապէս կարելի էր այդ թիւին կրկնապատիկը տեսնել:
Հայ ժողովուրդի բարեկամ եւ թրքական բարբարոսութեան ենթարկուած այլ համայնքներէն ասորի եւ քիւրտ ներկայացուցիչներ եւս ներկայ էին իրենց կեցուածքը արտայայտելու համար:
Բացման խօսքով զուիցերահայ գաղութին կողմէ հանդէս եկաւ քաղաքական գործիչ, Հայաստան-Զուիցերիա խորհրդարանական բարեկամութեան խումբի գլխաւոր քարտուղար, Զուիցերիա-Հայաստան առեւտրական պալատի փոխնախագահ Սարգիս Շահինեան, որ ֆրանսերէնով նախ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, պետութեան եւ մասնակցող զուիցերիացի խօսք առնող քաղաքական դէմքերուն:
Ան շեշտեց, որ շատ լաւ գիտենք, թէ ո՛վ սկսաւ յարձակումի, եւ ո՛վ իր ժողովուրդը իբրեւ վահան գործածեց: Ան պատասխանատուութեան հրաւիրեց Մեծամօրի հիւլէական կայանին վրայ յարձակելու տրամադրութիւններու մասին Ազրպէյճանի կատարած յայտարարութիւնը:
Ս. Շահինեան Զուիցերիոյ կառավարութենէն պահանջեց չթաքնուիլ չէզոքութեան ետին, այլ դիրքորոշուիլ նախայարձակին դէմ, իսկ խօսքը աւարտեց «ԿԵՑՑԷ՛ ՀԱՅԱՍՏԱՆ»-ը կանչով:
Պետական խորհուրդի անդամ Լիզա Մազոն (Կանաչներու ներկայացուցիչ) այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ իրենց զօրակցութիւնը յայտնեց Հայաստանին, որ մենատէր Ալիեւին յարձակման ենթարկուեցաւ: Թուրքիոյ քաղաքական միջամտութիւնը մտահոգիչ նկատելով` ան նշեց, որ Զուիցերիան խաղաղութեան ի նպաստ կեցուածք կը դրսեւորէ: Լ. Մազոն դիտել տուաւ, որ Հայաստանի նորահաստատ իշխանութիւնները կը պայքարին փտածութեան դէմ:
Ան իր երկու բացակայ գործընկերներուն` Քարլօ Արմարուկայի եւ Ուելի Լեուենպերկդրի կողմէ ողջոյններ ուղղեց ներկաներուն:
Երրորդ խօսողն էր Հայաստան խորհրդարանական բարեկամութեան խումբի համանախագահ` Ալեն տէ Քալպերմաթէն, որ դիտել տուաւ, թէ` նկատի առնելով, որ կու գայ Վալէ նահանգէն, կ՛ուզէ ըսել` շատ նմանութիւն կայ Հայաստանի եւ Արցախի բնութեան միջեւ, ուր այցելած է: Ան շեշտեց, որ Էրտողան բռնակալ մըն է ու Կովկասի մէջ պատերազմ կ՛ուզէ, նոյնը կ՛ընէ Յունաստանի դէմ: «Մինսքի համանախագահներու խումբը ձեռնածալ կը մնայ Հայաստան-Ազրպէյճան հակամարտութեան շուրջ, իսկ ռուսերը երկկողմանի դեր կը խաղան երկու կողմերուն զէնք ծախելով», ըսաւ ան:
Յաջորդ խօսք առնողը եղաւ Ժընեւի քաղաքային խորհուրդի PDC (Քրիստոնեայ դեմոկրատ կուսակցութիւն) խումբի ղեկավար եւ խորհուրդի անդամ Առնոլտ Մորելիոն, որ շատ մտահոգիչ նկատեց 12 յուլիսի ընդհարումները: Ան դիտել տուաւ, որ Զուիցերիան Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած երկիր է, իսկ ինք անձամբ այցելած է Հայաստան եւ հմայուած Մաշտոցի անուան մատենադարանով: Ա. Մորելիոն շեշտեց, որ Հայաստան աքցանի մէջ առնուած երկիր մըն է` աւելցնելով, որ գիտեն, թէ վերջին յարձակումներուն ձեռնարկողը Ազրպէյճանն էր:
«Զուիցերիան արգելք պէտք է ըլլայ մարդկային կորուստներու, ուստի կոչ կ՛ուղղեմ Զուիցերիոյ արտաքին գործոց նախարար Քասիսին` քննադատելու Ազրպէյճանը եւ Զուիցերիոյ զօրակցութիւնը յայտնելու Հայաստանին», հաստատեց ան:
Վերջին խօսքը հայերէնով արտասանեց այս շրջանին աշխուժացած Նիուշաթելի համայնքէն Տաթեւ Պապայեան, որ դիտել տուաւ, թէ Ազրպէյճան կրկին ոտնձգութիւն կը կատարէ եւ պատճառ կը դառնայ մարդկային կորուստներու, սակայն իրենք հաւաքուած են շեշտելու, որ հայութիւնը ամէն տեղ միասնական է, եւ հայուն համար իր սահմանը կը հասնի հոն, ուր կայ թէկուզ մէկ հայ:
«Մենք խաղաղ ժողովուրդ ենք, մեր պայքարը ապրելու համար է: Ի տարբերութիւն իրենց, մենք դարերէ կ՛ապրինք մեր Նայիրեան երկրին մէջ, մեր բազուկէն ոչ ոք չէ տուժած, բայց մենք կը ջախջախենք մեր դէմ ահագնացող բազուկը: Մեզի կը սպառնան պատերազմով, մենք կը պարտադրենք խաղաղութիւն, եւ յարձակողները ետ կը շպրտուին իրենց որջերը», շեշտեց ան` դիտել տալով, որ կացութիւնը այդպէս է, որովհետեւ հայութիւնը ունի հայրենանուէր եւ հզօր բանակ, որուն կողքին է ամբողջ ժողովուրդը: «Հայոց բանակը կը զսպէ անոնց վայրի մոլուցքները, կը պարտադրէ անոնց խաղաղութիւն, իսկ անոնց զէնքերէն կը շինէ յաղթական կամարներ, որոնց վրայ կը ծածանի Հայոց եռագոյնը», եզրափակեց Տաթեւ Պապայեան:
Հայաստանի քայլերգով աւարտեցաւ օրուան յայտագիրը, որմէ ետք շուրջ մէկ ժամ ալ ներկաները հայրենասիրական երգերով եւ պարերով ճոխացուցին մթնոլորտը:
Աւարտին Սարգիս Շահինեան հայերէնով իր սրտի խօսքը արտասանեց` շեշտելով, որ զուիցերահայ գաղութը նման բազմամարդ հաւաք չէ ունեցած շուրջ երեսուն տարիներէ ի վեր, Սումկայիթի ջարդերու դատապարտումի հաւաքէն ասդին: