Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր մօտ կանչած է Պաքուի մէջ Յորդանանի դեսպան Սամի Ապտալլա Ղոշէն` Ամմանի կողմէ Հայաստանին զէնքի մատակարարման տեղեկութիւններու պատճառով: «Մաստար» կայքը կը տեղեկացնէ, թէ այս մասին կը հաղորդէ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Յորդանանի դեսպանը 27 յուլիսին Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ հանդիպում ունեցած է արտաքին գործոց փոխնախարար Արազ Ազիմովի հետ:
Հանդիպումի ընթացքին Ազիմով այլ հարցերու կողքին քննարկած է Հայաստանին զէնքի մատակարարման հարցը եւ նշած, որ այդ մասին լուրը «հասարակութեան մօտ դժգոհութիւն յառաջացուցած է»:
Յորդանանի դեսպանը իր կարգին յայտնած է, թէ կը հասկնայ Պաքուի մտահոգութիւնը: «Նկատի ունենալով Ազրպէյճանի հետ յարաբերութիւններու ռազմավարական բնոյթը, ան խոստացաւ ամէն ջանք թափել` լուծելու համար կացութիւնը», նշեց նախարարութիւնը: