Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Նասիֆ Հըթթի երէկ հաստատեց, որ Լիբանան յանձնառու կը մնայ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին, ինչպէս նաեւ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն պարտականութեան` առանց փոփոխութեան ենթարկելու զայն:
«Միջազգային հանրութեան եւ արաբական դերակատարութեան կը վստահինք` Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պահպանելու համար: Մենք մեր հողերը պիտի պաշտպանենք իսրայէլեան որեւէ բռնարարքի դէմ, իսկ շրջանին մէջ Իսրայէլի պատմութիւնը յարձակողապաշտ պատմութիւն է», հաստատեց ան:
Մնացականեան Հեռաձայնային
Հաղորդակցութիւն Մը Կ՛ունենայ Հըթթիի Հետ
Երեկոյեան Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Հըթթիի հետ:
Քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Հըթթի անդրադարձաւ լիբանանեան իրադարձութիւններուն եւ կառավարութեան կողմէ գործադրուելիք բարեկարգումներուն` ընդգծելով, որ նախարարաց խորհուրդը նախանձախնդիր է բարեկարգումներու գործադրութեան` բարելաւելու համար երկրին տնտեսական կացութիւնը:
Հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկուեցան նաեւ շրջանային եւ միջազգային իրադարձութիւններ: