Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ճեմարանական Մելգոնեանցիներ

Յուլիս 27, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԹՈՐԳՈՄ

Համազգայինի Ճեմարան քոյրս կը յաճախէր, իսկ ես՝ ՀԲԸՄ-ի Կիպրոսի Մելգոնեան կրթական հաստատութիւն: Զարմացողները քիչ չէին: Ոմանց համար քոյրս դաշնակցական էր, ես՝ ռամկավար, մինչ հայրս եւ մայրս՝  տարօրինակ արարածներ: Աւելի զարմանալին այն էր, որ Ս. Նշան վարժարանի իմ ընկերներէս Սարգիս Տէր Խաչատուրեանին (Շէնք Սարգիս) հետ, Մելգոնեանի մէջ դաշնակցական ճանչցուած էինք: Իսկ երբ 1980-ին պրն. Հրաչ Տասնապետեան զիս կանչեց Ճեմարանի մէջ տարեշրջան մը պաշտօնավարելու, ըսաւ.

-Դուն Մելգոնեան  եւ Հայաստան ուսանած ես, ընդհանրապէս ռամկավար շրջանակէ կու գաս (Աստուած ի՜մ, հիմա ալ դաշնակներուն մէջ  ռամկավար եղանք), բայց ատիկա մեզի համար ոչ մէկ նշանակութիւն ունի, մեզի համար ԳՈՐԾՆ է կարեւորը:

Այս խօսքը, որ անշուշտ ըմբռնում, գաղափարախօսութիւն մըն է, երկվայրկեանի մը մէջ չքացուց ռամկավար դաշնակցականի իմ բարդոյթս, եւ ես տարեշրջանի մը համար պաշտօնավարելու կոչուեցայ  Ճեմարան, ուրկէ շրջանաւարտ եղայ շուրջ 35 տարի ետք:

Այդ ընթացքին, երբ պրն. Տասնապետեան ընդհանուր հսկիչի պատասխանատու  պաշտօնը ինծի պիտի յանձնէր՝ կատակելով ըսի.

-Բայց ես ընդհանրապէս ռամկավար շրջանակէ կու գամ:

Առանց ինծի նայելու ըսաւ.

– Ճա՛նըմ, 25 տարի առաջ բան մը ըսինք…: Յետոյ դուն այլեւս ճեմարանակա՛ն մելգոնեանցի ես,  մեր պրն. Մուշեղին նման (Մ. Իշխան քանի մը տարի Մելգոնեան ուսանած է՝ աշակերտելով Յ. Օշականին):

Ապա աշխատանքի մասին զրոյցի ատեն ըսի.

– Պրն. Տասնապետեան, ես սուլիչ գործածող չեմ:

Խնդաց եւ յիշեցինք տասնամեակներ առաջ Պոլոնիա գիւղի մեր տունը իր այցելութիւնը:

Դրացիին թոռնիկը, որ Ճեմարանի առաջին դասարանի աշակերտ էր, պարտէզը կը խաղար: Մայրս կանչեց.

– Յովի՛կ, եկո՛ւր, այս պարոնը կը ճանչնա՞ս, Ճեմարանի տնօրէնն է:

Յովիկ մանկական տարակուսանքով պահ մը նայեցաւ եւ ըսաւ.

– Դուն մեր տնօրէնը չես: Վիզէդ սուլիչ չունիս: Մեր տնօրէնին վիզէն սուլիչ կախուած է:

Պրն. Տասնապետեան խնդալով ըսաւ.

-Ահաւասիկ ազատ արտայայտուող ճեմարանական մը:

Եթէ Մելգոնեանի մէջ պատանեկութեանս եօթը տարիները անցուցի ուսուցիչներէն սորվելով, երիտասարդութեանս աւելի քան երեք տասնամեակը անցուցի Ճեմարանին մէջ, ուր  ե՛ւ պաշտօնակիցներս ե՛ւ աշակերտներս իմ ուսուցիչներս եղան: Մ. Իշխանէն, Սըրէն, Գ. Շահինեանէն, Սեդա Խըտշեանէն, Արփի Մինասեան-Կոստանեանէն  մինչեւ Նորա Սարաֆեան-Թաշճեան, Ճորճ Գրիգորեան, Վարդուկ Մարգարեան, Արա Սարեան եւ անշուշտ պաղեստինցի Ժիրայր (Նալպանտեան), տարաբնոյթ, գունագեղ անձնաւորութիւններ էին, որոնց հետ գործակցիլը հաճելի եւ շատ ուսանելի եղաւ:

Իսկ Ճեմարանի հազարաւոր աշակերտներէն տասնամեակներու ընթացքին սորվածներս պարզապէս հարստացուցին զիս: Աշակերտները երբեմն գիտէին բաներ, որոնց ես անտեղեակ էի, ազատօրէն կ’արտայայտէին կարծիքներ, որոնք կ’ուզէի իւրացնել: Ոմանք ունէին վարակիչ  շատ հարուստ ներաշխարհ, մտքի լայն հորիզոն: Աշակերտի մը երբեմն միամիտ թուացող կարծիքը, խնդուքը, դժգոհութեան արտայայտութիւնը, նոյնիսկ պատանեկան չարաճճիութիւն մը կը բարեփոխէին իմ արձագանգելու ոճս, վերաբերմունքս: Ամէնէն պարզ բաները երբեմն չեն նշմարեր երէցները:

Այսպէս երկու կրթական հաստատութիւններուն մէջ ուսանելով,  «ճեմարանական մելգոնեանցի» եղայ:

Երբ այսօր կը տեսնեմ զանազան ժամանակաշրջաններու աշակերտներուս՝ Սարօ Թոնդեանի, Վաչէ Ծատուրեանի, Խաժակ Գուլաճեանի, Գայեանէ Մածունեանի, Լենա Պալեանի, Արամ Սոմունճեանի եւ այլոց աչքերը, անմիջապէս կը յիշեմ Մելգոնեանի իմ ընկերներուս Ժիրայր Փափազեանի (Եգիպտոս), Լիւսի Քաջիկեանի (Յունաստան), Մելքոն Կոստանեանի (Անգլիա), Լեւոն Մալխասեանի (Եթովպիա), Րաֆֆի Ցնծալեանի (Պոլիս), Գէորգ Խաչիկեանի (Կիպրոս)  եւ միւսներուն աչքերը, որոնց բոլորին մէջ, հակառակ աշխարհագրական հեռաւորութեան,  ժամանակի եւ դպրոցներու  տարբերութեան, նոյն ցոլացումը, կրակը կայ. վաւերական անկախ մարդը եւ յանձնառու գործունեայ հայը՝ դրոշմուած երկու կրթական հաստատութիւններու կողմէ:

Մելգոնեանը դժբախտաբար այսօր չի գործեր: Փակուած է:

Նոյնպէս փակուած են այլ դպրոցներ, որոնց, ցաւօք, պիտի հետեւին ուրիշներ:

Ի՜նչ լաւ է, որ  Ճեմարանը կը շարունակէ իր առաքելութիւնը: Նոր մարտահրաւէրներուն դիմաց ունի ինքնանորոգումի տեսլականը եւ ունակութիւնը: Հակառակ մեր դէմ ծառացած դժուարութիւններուն` որոշած է պահպանել աւանդական իւրայատուկ նկարագիրը, առանց խրտչելու նորարարական փորձերէն:

Ուրեմն գործո՛վ գուրգուրանք մէկ հատիկին, որովհետեւ.

-Մեզի համար ԳՈՐԾՆ է կարեւորը:

 

Նախորդը

Տուփ Մը Սալոր Չէ…

Յաջորդը

Ֆրանսայի Մէջ Ձերբակալուած Է Նանթի Ս. Պետրոս Եւ Պօղոս Տաճարի Միտումնաւոր Հրկիզման Համար Կասկածուող Տղամարդը

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?