Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան մէջ ելոյթ ունեցող Փիւնիկ ակումբը պայմանագրութիւն մը ստորագրեց 27 տարեկան միջնապահ՝ Արթուր Գրիգորեանի հետ, այս գծով յայտնեց երեւանեան ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Ֆութպոլիստին վերջին ակումբը եղաւ Գանձասար-Կապանը: Ան 2011-2014 տարեշրջանին եւս ելոյթ ունեցաւ Փիւնիկի հետ:
Նշենք, որ վերոնշեալ ակումբներէն բացի ան մաս կազմած է նաեւ՝ Միքայի, Ուլիսի, Ալաշկերտի եւ Արցախի: