Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գիշերօթիկի Մը Յուշերէն. Անմոռանալի Սըր-ը

Յուլիս 3, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՌԻՓՍԻՄԷ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ (ՓԻՍՕ)

1 Օգոստոս 1957-ին սկսաւ գիշերօթիկի իմ կեանքս՝ Ն. Փալանճեան Ճեմարանին մէջ։

Առաջին մէկուկէս ամիսը անցուցի Մէյրուպա գիւղի պանդոկներէն մէկուն մէջ, ուր գիշերօթիկներու մէկ մասը ամառուան արձակուրդը կ՛անցընէր՝ Սըր-ի հսկողութեան տակ։ Քուէյթի անապատներէն վերջ, ուր մանկութիւնս անցուցած էի, կանաչ լեռները, պարտէզները եւ մանաւանդ պտղատու ծառերը նորութիւն էին ինծի համար։ Առաջին անգամն էր նաեւ, որ ծնողքէս կը բաժնուէի, սակայն գիշերօթիկնոցի տաքուկ մթնոլորտը զիս իր գրկին մէջ առաւ եւ ես ունեցայ իմ «նոր ընտանիքս», «հայր» ունենալով Սըր-ը՝ Անթուան Քեհեայեանը։ Ցաջորդող տասը տարիներուն, մինչեւ Ճեմարանը աւարտելս, իսկ աւելի ուշ՝ մինչեւ իր մահը, վայելեցի անոր սէրը, գուրգուրանքը եւ յարգանքը։

Բծախնդիր էր Սըր-ը։ Սըր տիտղոսին արժանացած էր, որովհետեւ անգլերէն լեզուին կը տիրպետէր եւ այդ լեզուն կը դասաւանդէր վերի կարգերուն։ Ան իր բարձրագոյն ուսումը ստացած էր Սկովտիոյ Էտինպրա Համալսարանէն եւ կը շեշտէր, որ քաղաքին անունը թէեւ Էտինպուրկ կը գրուի, զայն պէտք է Էտինպրա հնչէինք։ Առտու արթննալուն պէս BBC News մտիկ կ’ընէր եւ վա՜յ որ խօսնակը անգլերէնի լեզուական սխալ մը ընէր, անմիջապէս կ’արձանագրէր եւ նամակով մը կ՝ուղարկէր լրատուական ընկերութեան, որ իր կարգին կ’անդրադառնար եւ շնորհակալութիւն կը յայտնէր իր նկատողութեան համար։

Սըր-ի հոգիի անդորրութիւնն ու ազնուութիւնը կը ցոլար բոլորին նկատմամբ իր բարի եւ արդար վերաբերմունքին մէջ։ Ան կը յարգէր նախ ինքզինք եւ հետեւաբար՝ բոլորը, անոնք ըլլային աշակերտ թէ ուսուցիչ, «մայրիկ» թէ տնօրէն։ Ան ակնածանք կը ներշնչէր եւ ո՛չ թէ վախ։ Գիշերօթիկնոցէն ներս ստեղծած էր մթնողորտ մը, ուր մենք մեզ կը զգայինք պաստպարուած, սիրուած եւ յարգուած։ Հարցերը անպակաս էին հոն, վերջապէս 90-100 աշակերտներ էինք, եկած աշխարհի զանազան երկիրներէն, տարիքը՝ 8-էն մինչեւ 18-20 տարեկան. ամէն մէկը ունէր իր իւրայատուկ պահանջները եւ նկարագիրը։ Սըր-ը հանդարտութեամբ կը մօտենար հարցերուն եւ երբ հարկ ըլլար՝ կու տար պէտք եղած պատիժը։ Արդար էր Սըր-ը եւ կը սիրէր մարդկային իրաւունքներու մասին զրուցել մեզի հետ՝ ընթրիքի սեղանին շուրջ, այնպէս՝ ինչպէս հայր մը պիտի ընէր իր ընտանիքին հետ։ Լաւ կը յիշեմ օր մը, ուսուցիչ մը զիս անարդարօրէն պատժեց, դիմեցի Սըր-ին եւ եղելութիւնը պատմեցի. ան զիս հանդարտեցուց եւ ըսաւ. «Այս պարագային ուսուցիչը սխալ է։ Ես  վաղը իրեն հետ կը խօսիմ»։ Այդպէս ալ եղաւ։

Անոր հոգատար եւ պարտաճանաչ նկարագիրը կը տեսնէինք, երբ ան կ’այցելէր իր տարեց եւ հիւանդ մօրը, կամ՝ երբ ժամեր շարունակ կը նստէր մեր տնօրէնին՝ Սիմոն Վրացեանի անկողինին քով, կը զրուցէր անոր հետ եւ պէտքերը կը հոգար, մեզ ալ մասնակից դարձնելով այդ գործին։ Երբ մեզմէ մէկը հիւանդանար, ան անմիջապէս կը դիմէր դպրոցի բժիշկին եւ մեզ ալ մասնակից կ’ընէր հիւանդի ապաքինման եւ հոգատարութեան։ Երբ մէկս միւսը կը հոգայինք, ինքնաբերաբար մեր կապերը կ’ամրապնդուէին. երեւոյթ մը, զոր Սըր-ը յաջողած էր իրականացնել։ Այսօր, աւելի քան 50 տարիներ վերջ, երբ գիշերօթիկներ իրարու հանդիպին կամ զիրար գտնեն ընկերային ցանցի էջերուն մէջ, հարազատ մը գտնելու ուրախութիւնը կ’ապրին։

Այնքան ատեն, որ Ս. Վրացեանը ոտքի էր եւ չէր դատապարտուած անկողին մնալու, Սըր-ին հետ միասին կը մասնակցէին մեր հաւաքոյթներուն եւ առիթը կու տային մեզի՝ աւելի ոչ պաշտօնական ձեւով, ընկերաբար արտյայտուելու եւ զանազան նիւթեր արծարծելու։ Սըր-ը մեզ Harlem Globetrotters-ի խաղին տարաւ, երբ խումբը Պէյրութ եկաւ 1959-ին։ Կարծեմ յաջորդ տարին էր, երբ գացինք Bolshoi Ballet-ի սքանչելի կատարումը վայելելու։ Շատ յաճախ մեզ շարժապատկերի կը տանէր եւ մեր տեսած ժապաւէններուն մասին կ’ուզէր խօսիլ, հարցուփորձ ընել։ Ան կը գնահատէր արուեստը եւ կը պահանջէր, որ «Վասպուրական» սրահի բոլոր հանդէսներուն ներկայ ըլլայինք։

Անգլերէն լեզուի կողքին, ան կը տիրապետէր հայերէնին ու մեզմէ կը պահանջէր, որ անսխալ խօսինք մեր լեզուն եւ յիշենք մեր ազգի պատմութիւնը։

Երբ այս բոլորը կը մտաբերեմ, ինքզինքս որքան բախտաւոր կը նկատեմ, որ նման արժէքներով կերտուեցան պատանեկան տարիներս։ Առանց վարանելու կրնամ ըսել, որ բախտը ունեցած եմ Ճեմարան գիշերօթիկ ըլլալու եւ Սըր-ին պէս ազնուական անձ մը իբրեւ երկրորդ հայր ունենալու։

 

 

Նախորդը

«Լիպիան Վերածուած Է Արաբական Աշխարհէն Դուրս Եղող Երկու Ուժերու Մրցակցութեան Դաշտի» Կ՛ըսէ Ֆրանսայի Պաշտպանութեան Նախարարը

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (3 Յուլիս 2020)

RelatedPosts

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
Անդրադարձ.  Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Կիսաքանդ Բնակարանի Ճակատագիրը Ո՞վ Կ՛որոշէ
Անդրադարձ

Ինչո՞ւ Այս Երկրին Յաջորդ Յեղափոխութիւնը Կրնայ Վանքէ Մը Սկսիլ

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?