Հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս երկրին քաղաքական բեմը յուզող հարցերն ու շրջանային զարգացումները:
Զօր. Միշել Սլէյման հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ տիրող ներկայ կացութեան մասին կ՛արժէ քննարկումներ կատարել սէուտցի դեսպանին եւ այլ դիւանագէտներու հետ:
Ան հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանին հետ պատահածը պէտք է անմիջապէս սրբագրել եւ պահպանել ազատութիւններու երկիր ըլլալու Լիբանանի վարկը:
Զօր. Միշել Սլէյման ընդգծեց նաեւ, որ պէտք է Սէուտական Արաբիոյ եւ Արաբական ծոցի երկիրներուն հետ երկկողմանի յարաբերութիւնները իրենց լաւագոյն վիճակին մէջ պահել` նկատի ունենալով, որ անոնք միշտ եւ առանց նախապայմանի օժանդակած են Լիբանանին:
Զօր. Միշել Սլէյման դատապարտեց Սէուտական Արաբիոյ դէմ կատարուած ցեխարձակումները` ընդգծելով, որ Ռիատ պէտք է Լիբանանին նեցուկ կանգնի, յատկապէս անոր դիմագրաւած դժուար պայմաններուն ընթացքին: