Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իրաք. «Թուրքիա Պէտք Է Դադրեցնէ Իր Ոտնձգութիւններն Ու Քաղաքայիններու Սպանութիւնը»

June 27, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրաքի հանրապետութեան նախագահութիւնը կոչ ուղղեց` դադրեցնելու թրքական իրերայաջորդ զինուորական արարքներուն եւ Իրաքի օդային տարածքի խախտման իբրեւ հետեւանք ազգային գերիշխանութեան ոտնահարումները:

Իրաքի նախագահական պալատը երէկ հաղորդագրութեամբ մը յայտնեց. «Այդ արարքները բացայայտ խախտում են բարիդրացնութեան սկզբունքին, ինչպէս նաեւ` միջազգային արժեհամակարգին ու կանոններուն»:

«Իրաքի նախագահութիւնը կոչ կ՛ուղղէ` դադրեցնելու շարք մը խաղաղ քաղաքային զոհեր խլած թրքական իրերայաջորդ զինուորական գործողութիւնները եւ իրաքեան օդային տարածքի խախտման պատճառով ազգային գերիշխանութեան ոտնահարումները», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Իրաքի նախագահական պալատը դատապարտեց այդ խախտումները եւ նշեց, որ հարկ է Իրաքի եւ Թուրքիոյ միջեւ սահմանային խնդիրներն ու ապահովական թղթածրարները լուծել կողմերուն միջեւ գործակցութեան ու համակարգման ճամբով` մերժելով առկախ հարցերու լուծման համար ինքնագլուխ քայլերու դիմելը:

Յիշեցնենք, որ Թուրքիան շուրջ մէկ շաբաթ առաջ հիւսիսային Իրաքի մէջ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան դէմ ցամաքային եւ օդային գործողութիւններու ձեռնարկեց:

17 յունիսին թրքական բանակը անկարգելով մասնայատուկ ուժեր իջեցուց Հիւսիսային Իրաքի մէջ:

Հակառակ իրաքեան իշխանութիւններու բողոքին, Թուրքիա կը շարունակէ ՔԱԿ-ի դէմ իր գործողութիւնները:

Իրաքի արտաքին գործոց նախարարութիւնը անցեալ շաբաթ երկու անգամ իր մօտ կանչեց Պաղտատի մէջ Թուրքիոյ դեսպանը եւ անոր յանձնեց «խիստ ոճի բողոքագիրներ»:

Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը երէկ աւելի ուշ յայտարարեց. «Իրաքի հիւսիսային շրջաններուն մէջ «Վագրի ճանկ» զինուորական գործողութիւնը ոեւէ քաղաքայինի վնաս չէ հասցուցած ու պիտի չհասցնէ: Թրքական զինեալ ուժերը անձեռնմխելի կը նկատեն  քաղաքայինները, պատմական տարածքներն ու շէնքերը, ինչպէս նաեւ մշակութային յուշակոթողները»:

 

Նախորդը

«Եգիպտոս Իրաւունք Ունի Ինքզինք Պաշտպանելու» Կ՛ըսէ Ափրիկեան Միութիւնը

Յաջորդը

Ուաշինկթըն Կոչ Կ՛ուղղէ Թուրքիոյ` Ս. Սոֆիա Տաճարը Իբրեւ Թանգարան Պահպանելու

RelatedPosts

Փութինի Եւ Ամերիկացի Պատուիրակներուն  Միջեւ Հանդիպումի Ընթացքին.  Համաձայնութիւն Եռակողմ  Բանակցութիւններու Նոր Փուլի Եւ Անոր  Եւրոպացիներու Մասնակցութեան Շուրջ
Գլխաւոր լուրեր

Փութինի Եւ Ամերիկացի Պատուիրակներուն Միջեւ Հանդիպումի Ընթացքին. Համաձայնութիւն Եռակողմ Բանակցութիւններու Նոր Փուլի Եւ Անոր Եւրոպացիներու Մասնակցութեան Շուրջ

November 13, 2026
Թրամփ. «Աշխատանք Կը Տանինք Իրանի Վրայ  Ամբողջական Յաղթանակ Արձանագրելու»
Միջազգային

Թրամփ. «Աշխատանք Կը Տանինք Իրանի Վրայ Ամբողջական Յաղթանակ Արձանագրելու»

November 13, 2026
Ըստ «Ֆայնենշըլ Թայմզ»-ին.  Եւրոպական Միութեան Մէջ Կը Դիտարկեն Քալլասը  Դիւանագիտական Ծառայութեան Ղեկավարի  Լիազօրութիւններէն Զրկելու Կարելիութիւնը
Միջազգային

Քալլաս. «Միացեալ Նահանգները Չեն Կրնար Ռուսիոյ Դէմ Եւրոպական Պատժամիջոցներու Վերացման Շուրջ Բանակցութիւններ Վարել»

November 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.