Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էրտողանի Հրամանով Պիտի Ստեղծուի Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Դէմ Պայքարի Կառոյց

June 24, 2020
| Newsletter, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թրքական «Հիւրրիեթ» օրաթերթի լրագրող Նուրայ Պապաճան կը գրէ, թէ Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան հիմնական ուղղութիւններէն մէկուն` «Հայոց ցեղասպանութեան պնդումներուն հակադարձելու եւ ռազմավարութիւն մշակելու համար» պիտի ստեղծուի ինքնուրոյն եւ քաղաքացիական նոր կառոյց:

Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցած էր Բարձրագոյն խորհրդատուական նիստ, որուն ընթացքին քննարկուած էր հայկական լոպիին դէմ պայքարը: Նիստէն ետք Էրտողան այդ նիւթին շուրջ տուած էր շարք մը յանձնարարականներ, որոնցմէ մէկն ալ «Հայոց ցեղասպանութեան պնդումներուն վերաբերեալ նոր ռազմավարութիւն մշակել»¬ն էր:

Թրքական իշխանութիւններուն եւ Էրտողանին մասնաւորաբար մտահոգած էր աշխարհի վրայ ՀՅԴ Հայ դատի մարմիններուն յաջող աշխատանքը:

Նախագիծի հեղինակը Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան հիմնադիրներէն, Թուրքիոյ խորհրդարանի նախկին նախագահ, խորհուրդի անդամ եւ Էրտողանի մտերիմ Ճեմիլ Չիչեքն է:

Նիստի ընթացքին ընդգծուած է, թէ Հայոց ցեղասպանութեան պնդումներուն դէմ ուղղակի կերպով պայքարող, փաստարկներ բերող եւ ռազմավարութիւն մշակող ոչ մէկ կառոյց կայ:

Նշուած է, որ հայկական լոպին Ցեղասպանութեան վերաբերեալ չէ դիմած Արդարադատութեան միջազգային դատարան` դիմումներու մերժման հաւանականութեան պատճառով, սակայն վերջին շրջանին այդ քաղաքականութիւնը փոխուած է:

Էրտողան իր հաւանութիւնը տուած է այդ ծրագիրին եւ հրամայած վայրկեան առաջ սկսիլ աշխատանքներուն:

 

 

Նախորդը

Բագրատունի Այցելեց Պաշտպանութեան Նախարարին

Յաջորդը

Նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան Այցելեց Նախագահ Աունին

RelatedPosts

Բագրատունի. «Սփիւռքի Ջախջախիչ  Մեծամասնութիւնը Դէմ Է  Սահմանադրութեան Փոփոխութեան»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Սփիւռքի Ջախջախիչ Մեծամասնութիւնը Դէմ Է Սահմանադրութեան Փոփոխութեան»

October 31, 2026
ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդի  Յայտարարութիւն.  Սփիւռքի Եւ Համահայկական Կառոյցներու Դէմ  Նոր-Պոլշեւիկեան Արշաւի Սաստկացում
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդը Հրապարակած Է Ազրպէյճանի Մէջ Պահուող 20 Հայ Պատանդներու Մասին Թղթածրար

October 31, 2026
Արծուիկ Մինասեան. «Բոլոր Ջանքերը  Պիտի Գործադրենք, Որպէսզի Օր Առաջ  Իշխանազրկուի Հայրենիքը  Յանձնող Այս Իշխանութիւնը»
Հայկական

Արծուիկ Մինասեան Ընտրուեցաւ Մրցակցութեան Եւ Սպառողներու Շահերու Պաշտպանութեան Յանձնախումբի Անդամ

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.