Լիպիոյ արեւելքը գտնուող խորհրդարանի նախագահ Աքիլա Սալեհ ողջունեց ու իր զօրակցութիւնը յայտնեց Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի արտասանած խօսքին եւ անոր կոչ ուղղեց` միջամտելու եւ ահաբեկչութեան ու օտար ուժերու ներխուժման դիմակայման մէջ օժանդակելու լիպիական զինեալ ուժերուն:
Սալեհ նաեւ միջազգային ընտանիքին ու Լիպիոյ մէջ ՄԱԿ-ի առաքելութեան կոչ ուղղեց` աշխուժացնելու Պերլինի խորհրդաժողովի որոշումներուն գործադրութեան աշխատանքը եւ ականջ տալու Գահիրէի յայտարարութեան մէջ հնչող խաղաղութեան ու համաձայնութեան ձայնին:
Ան նաեւ լիպիացի ժողովուրդին ուղերձ մը յղելով` յայտնեց, որ Եգիպտոսը, իր իմաստուն ղեկավարութեամբ, Լիպիոյ տագնապի սկիզբէն ի վեր աշխատանք կը տանի քաղաքական լուծումի եւ միջլիպիական համաձայնութեան իրականացման ուղղութեամբ: