Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մնացականեան. «Հայաստանը Չի Կրնար Անտարբեր Մնալ Լիբանանահայ Համայնքի Խնդիրներուն Նկատմամբ»

Յունիս 18, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստան չի կրնար անտարբեր մնալ լիբանանահայ համայնքի խնդիրներուն նկատմամբ եւ դիւանագիտական ներկայացուցչութեան միջոցով մնայուն կապի մէջ է համայնքային բոլոր կառոյցներուն հետ:

Այս հաստատումը կատարեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան` Ազգային ժողովին մէջ կառավարութեան անդամներուն հետ հարց ու պատասխանի ժամանակ պատասխանելով Լուսաւոր Հայաստան խմբակցութեան պատգամաւոր Տարօն Սիմոնեանի հարցումին:

Տարօն Սիմոնեան նկատել տուաւ, որ Լիբանանի հայ համայնքը բաւականին լուրջ խնդիրներու դէմ յանդիման կը գտնուի, Լիբանանի մէջ կայ շատ լուրջ տնտեսական ճգնաժամ: Ան ուզեց գիտնալ, թէ արդեօք Հայաստան այս առնչութեամբ որեւէ աջակցութիւն պիտի ցուցաբերէ՞ լիբանանահայ համայնքին:

«Հայաստանը չի կրնար անտարբեր մնալ լիբանանահայ համայնքի խնդիրներուն նկատմամբ, մեր դիւանագիտական ներկայացուցչութեան միջոցով մնայուն կապի մէջ ենք համայնքային բոլոր կառոյցներուն հետ եւ պիտի շարունակենք այդ երկխօսութիւնը, պիտի շարունակենք հետեւիլ հետագայ զարգացումներուն: Լիբանանահայ մեր հայրենակիցներուն  ընկերային-տնտեսական վիճակը, ընդհանուր առմամբ,  իրապէս բաւականին ճգնաժամային է: Հայաստանը եղած է եւ կը մնայ հայրենիքը իւրաքանչիւր հայու, որ կ՛ընտրէ ապրիլ Հայաստանի մէջ: Այդ առումով մենք պիտի շարունակենք աշխատիլ եւ պատրաստել այն անհրաժեշտ հիմքը, որ կարելիութիւն կու տայ արձագանգելու», ըսաւ նախարարը եւ նշեց, թէ անմիջական օգնութեան առումով անդրադարձ պիտի կատարուի, երբ աւելի յստակ դառնայ ամէն բան:

Պատգամաւորը նշեց, որ Լիբանանի մէջ հակահայ տրամադրութիւններ կը քաջալերուին Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ` հետաքրքրուելով, թէ ի՞նչ է այս մասին նախարարին տեսակէտը:

Մնացականեան պատասխանեց` ատելութեան խօսքի իւրաքանչիւր նշանակալի դրսեւորում առանձնայատուկ մտահոգութեան տեղիք կու տայ: «Կրօնական, ցեղային խտրականութիւն ու ատելութիւն բովանդակող որեւէ խօսք սպառնալիք կը ներկայացնէ նախ եւ առաջ բարեկամ Լիբանանի ներքին կայունութեան, պետական կառուցուածքին եւ հասարակական համակեցութեան հիմնարար արժէքներուն համար: Վստահ ենք, որ Լիբանանի կառավարութիւնը եւ հանրութիւնը եւ ո՛չ միայն լիբանանահայութիւնը, խստօրէն պիտի հակազդեն նման որեւէ դրսեւորումներու», ըսաւ Մնացականեան:

 

Նախորդը

Փաշինեան Ալիեւին Կոչ Ուղղեց` Ցուցաբերելու Կառուցողական Մօտեցում Եւ Համաձայն Գտնուելու Իր Բանաձեւին Հետ

Յաջորդը

Ակնարկ. 95-րդ Յօդուածը Խախտողները

RelatedPosts

Արցախի Եւ Հայաստանի Շարք Մը Քաղաքական  Ուժերու Յայտարարութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Եռատօնի Վերաիմաստաւորման Համար

Մայիս 9, 2025
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ամերիկացի Կարտինալ Մը` Ռապըրթ  Փրեւոսթ Դարձաւ Լեւոն ԺԴ. Պապ
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ամերիկացի Կարտինալ Մը` Ռապըրթ Փրեւոսթ Դարձաւ Լեւոն ԺԴ. Պապ

Մայիս 9, 2025
Խօսքը Ուղղելով Կեդրոնական Դրամատան  Կառավարիչին Եւ Փոխկառավարիչներուն`  Նախագահ Աուն. «Դրամատնային Համակարգին Նկատմամբ  Ներքին Ու Արտաքին Վստահութեան Վերականգնման Մէջ Ձեր Պատասխանատուութիւնը Մեծ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Խօսքը Ուղղելով Կեդրոնական Դրամատան Կառավարիչին Եւ Փոխկառավարիչներուն` Նախագահ Աուն. «Դրամատնային Համակարգին Նկատմամբ Ներքին Ու Արտաքին Վստահութեան Վերականգնման Մէջ Ձեր Պատասխանատուութիւնը Մեծ Է»

Մայիս 9, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?