Աշխարհի ճատրակի ախոյեան Մակնուս Քարլսըն դարձեալ պիտի կազմակերպէ հերթական առցանց մրցաշարքը, որուն այս անգամ իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ հայկական ճատրակի յառաջատար՝ Լեւոն Արոնեան:
Անոր կազմակերպելիք այս երկրորդ մրցաշարքը պիտի կրէ «Lindores Abbey Rapid Challenge» անուանումը:
Անիկա պիտի սկսի յառաջիկայ 19 մայիսին եւ պիտի աւարտի յառաջիկայ 3 յունիսին:
Անոր իրենց մասնակցութիւնը բերող ճատրակ խաղացողները, պիտի մրցին արագ ճատրակի խաղերով, որ բաղկացած է 11 հանգրուանէ: Լաւագոյն 8 ճատրակ խաղացողները պիտի ապահովեն փլէյ-օֆ-ի մրցումներուն իրենց տոմսը: