ՍԵՐԺ ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ
Լիբանանի մէջ ստեղծուած «Քորոնա»-ի ճգնաժամային շտապի վերջին հաղորդագրութիւնը ծայրէ ծայր կարդալով, ստեղծուած կացութեան լոյսին տակ կատարուած աշխատանքներուն անդրադառնալու միտող «Վանայ ձայն»-ի հարցազրոյցները դիտելով, ինչպէս նաեւ ընկերներուս հետ զրուցելով, նորէն հպարտ զգացի իբրեւ հայ:
Հպա՛րտ եմ, որ առանց պետական համապատասխան գերատեսչութեանց ու հաստատութեանց կրցաք այդքան արագ կազմակերպուիլ եւ գործի լծուիլ:
Հպա՛րտ եմ, որ այդպիսի պատասխանատու կեցուածք եւ առողջ գիտակցութիւն ունեցաք` նպարավաճառէն մինչեւ երեսփոխան:
Այո՛, հպարտ եմ, որ ձեզմէ իւրաքանչիւրը գիտցաւ պահու լրջութիւնը եւ, պարտականութենէն փախուստ տալու փոխարէն` ստեղծուած կացութիւնը պատրուակելով, պատասխանատուութեան բաժին մը վերցուց իր ուսերուն, իւրաքանչիւրը իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ անշուշտ:
Կը կրկնեմ, հպա՛րտ եմ, որ ազնուութիւնը պատեհապաշտութենէն վեր դասեցիք եւ «Ժողովուրդին հետ, ժողովուրդին համար» կարգախօսը խօսքէն անդին տարիք եւ գործով փաստեցիք:
Այո՛, ճաշ պատրաստելը եւ կարօտեալներուն բաժնելը, տուփեր եւ ծրարներ դասաւորելը եւ կարիքաւորներուն հասցնելը, գողութեան փորձեր կանխարգիլելը եւ անկարգ մարդիկ զսպելը, մամիկները ուշադրութեան առարկայ դարձնելը եւ անոնց մազեր յարդարելը, դեղ ու առողջապահական իրեր տրամադրելը, ելեկտրականութեան մէկ ամսուան վճարում ջնջելը, լիբանանեան ոսկիներու մէկ առ մէկ հաւաքելն ու մեծ գումարներ գոյացնելը, բժշկական քննութիւնները անվճար կատարելը, մէկ խօսքով ժողովուրդի դիմումներուն եւ կարիքներուն անսալը ՀՊԱՐՏՈՒԹԻՒՆ կը ներշնչեն ինծի:
Արդարեւ, Ռուսիոյ քաղաքացի ըլլալով, կ՛ըսեմ ձեզի, որ եթէ նկատի առնենք իմ ապրած երկրիս աշխարհի մեծագոյն պետութիւն ըլլալու փաստը, բնական հարստութեանց անչափելի ծաւալները, նիւթական հսկայական կարողութիւնները եւ դարաւոր հաստատութենական համակարգը, մենք մէկ հարիւրերորդը չկրցանք ընել լիբանանահայ համայնքին կատարածին, այն գաղութին, որ ներկայ տագնապէն անկախ հազարումէկ դժուարութիւն եւ մարտահրաւէր կը դիմագրաւէ:
Ձեր իւրօրինակ գիտակցութիւն է, որ մղեց զիս սոյն անդրադարձը կատարելու:
Ձեր վարձքը կատա՛ր, թող ամէն մարդ իր տուած մէկին դիմաց Աստուծմէ տասը ստանայ: Շարունակեցէ՛ք նոյն հաւատքով, նոյն ոգիով եւ գիտակցութեամբ, եւ ես կը հաւատամ, որ երբեք պիտի չկորսուիք համաշխարհային փոթորիկներուն մէջ:
Ձեզմէ հեռու, սակայն միշտ ձեզմով լիացող`
ՍԵՐԺ ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ