ՆՇԱՆ ՊԱՍՄԱՃԵԱՆ
«Խորհուրդ մարդկանց, կամքն Աստուծոյ» առածը որքա՜ն ճիշտ է:
Աւստրալիոյ Համազգայինի Շրջանային Վարչութեան կազմակերպութեամբ Քեսապի Տոհմիկ Օր մը տեղի պիտի ունենար 28 Մարտին Համազգային Գօլստըն Ճեմարանի շրջափակին մէջ: Խումբ մը Համազգայինի համակիր Սիտնիաբնակ Քեսապցիներ, յանձինս Տէր եւ Տիկին Վիգէն եւ Սօսի Քորթեանի, իրենց դստեր՝ Անիի, Տիկնայք՝ Մարօ Սարգիսեանի, Սօնա Աշըգեանի, Նայիրի Մանճիկեանի եւ Տիարք՝ Հայր ու որդի Անդրանիկ եւ Մոսիկ Ինճէճիկեանի, Դրօ Մանճիկեանի, Վաչէ Պէօճիւքեանի եւ Նշան Պասմաճեանի, իրարու հետ խորհրդակցեցան եւ որոշեցին յատուկ ծրագիր մը ի գործ դնել: Անոնք նոյնիսկ որոշեցին Համազգայինին առաջարկել որ այսօրինակ տոհմիկ օր պատրաստուի սիտնիաբնակ այլ «ցի»երու կողմէ՝ Մարաշցի, Մուսա Տաղցի, Չորք Մարզպանցի եւ այլք:
Սակա՛յն… Ուրբաթը Շաբաթէն առաջ եկաւ եւ Ժահրը ստիպեց որ ձեռնարկը մէկ տարիով յետաձգուի:
Թէ ի՞նչ եղաւ եւ ի՞նչ տեղի պիտի ունենար:
Հայ Մշակութային Կեդրոնին մէջ 4 կամ 5 ժողովները յանգեցան հետւեալ եզրակացութեան.
Կազմակերպել աւանդական Մասարան՝ այսինքն խաղողի ռուպի պատրաստութիւն: Մասարայի յատուկ խաղող գնել մօտ 400 քիլօ, զայն ճզմել աւանդական ձեւով, այսինքն՝ կոխկռտելով, մօտ 10 ժամ եփելէ ետք հաւաքուած ժողովուրդը հրաւիրել ճաշակելու Քեսապի աւանդական ՓՐՓՈՒՐը, այսպիսով փառք տուած ըլլալ համար ամենակալ Տիրոջ, որ այս տարի ալ շնորհած էր մեզի վայելելու մեր մէկ տարուան աշխատանքին վաստակը:
Ժողովուրդը պիտի հրաւիրուէր Շաբաթ 28 Մարտի կէսօրէ ետք ժամը 3ին եւ կ’ենթադրուէր որ հանդէսը պիտի տեւէր մինչեւ գիշերուան 10-11ը:
Պատրաստական աշխատանքները պիտի սկսէին Ուրբաթ 27 Մարտի առաւօտէն եւ պիտի տեւէին մինչեւ ուշ երեկոյ: Վերոյիշեալ տիկինները, հաւանաբար քանի մը օգնականներով (կիներուն գործին մի խառնուիր եթէ կրնաս… 😊 անոնք գիտեն ինչ կ’ընեն… ), կէսօրէ ետք պիտի սկսէին կերակուրներու պատրաստական աշխատանքին իսկ տղամարդիկ պիտի գնէին խաղողը, պիտի պատրաստէին յատուկ կրակարանը, պիտի մաքրէին մեծ տաշտերը եւ դեռ ի՜նչ աշխատանքներ, որոնցմէ զորն ասեմ կամ զորն խոստովանիմ…
Ուրբաթ գիշեր տիկինները աշխատողներուն համար պիտի պատրաստէին զանազան կերակուրներ, զորս կը պատրաստուին Քեսապի մէջ այդ յատուկ գիշերը: Օղին պիտի ըլլար առատ, որովհետեւ Մելպուրնէն, այս առիթով պիտի ժամանէր Նշան Մանճիկեանը, որ յատուկ օղիով պիտի մատակարարէր սեղանը: Միեւնոյն ատեն, Ֆրէզնոյէն պիտի հասնէր քառասուն տարիներու Մասարայի եւ Փրփուրի փորձագէտը՝ Րաֆֆի Սանդիկեանը: Րաֆֆին 40 տարիէ ի վեր Ֆրէզնոյի իր տան շրջափակին մէջ, ի ներկայութեան 200է աւելի ընկեր-բարեկամներու, կը կազմակերպէ այս ձեռնարկը:
Խաղողը պիտի կոխկրտուէր 28 Մարտի առաւօտ շատ կանուխ: Պիտի հրաւիրուէին աշակերտներ որպէսզի կոխկռտէին խաղողը, պիտի պատրաստուէր վիտէօ մը Ուրբաթի եւ Շաբաթի աշխատանքներուն որպէս վկայութիւն, որպէսզի հիւրերը կարենային տեսնել թէ ինչ գործընթացէ կ’անցնէր այս պարզ թուացող Մասարան կամ Փրփուրը:
2014ին, երբ #SAVEKESSABի համար նմանօրինակ միջոցառում տեղի ունեցաւ Ճեմարանի մէջ, արդէն մի քանի մեծ մետաղեայ տաշտեր գնուած էին եւ կը պահուէին հանգուցեալ Յակոբ Քորթեանի բնակարանին մէջ: Ուրեմն տաշտի մեծ հարցը լուծուած էր: Դրօ Մանճիկեանը իր ողորմած հօրմէն՝ Տիգրանէն, ժառանգած էր, քեսապերէնով՝ «թէքնէ» մը, որ փոքր էր, հետեւաբար երկու եղբայրներ, Վաչէ եւ Հրանդ Պէօճիւքեան, ստանձնեցին պատրաստել տախտակէ երկրորդ, աւելի մեծ, «թէքնէ» մը: Թէքնէն տախտակէ մօտ 2 մեթր երկայնքով, 70-80 սանթիմեթր լայնքով եւ մօտ 50 սանթիմեթր խորութեամբ մեծ տաշտ մըն է, որուն մէջ կը կոխկռտեն խաղողը: Երկու անձեր կրնան թէքնէին մէջ կոխկռտել, խաղողին հիւթը կը հոսի 10-15 աստիճան շեղութեամբ դրուած թէքնէին ծայրի յատուկ ծակէն՝ մետաղեայ տաշտին մէջ: Հաւաքուած հիւթին մէջ կը դրուի «Հաւուրա»ն այսինքն agricultural lime, որուն դերն է մաքրել/զտել հիւթը եւ չէզոքացնել հիթին պարունակած թթուութիւնը: Եթէ ուշադրութեամբ չկատարուի այս գործընթացը՝ ապա կը վտանգուի ռուպի որակն ու համը:
Ամսուն 28ի աշխատանքներուն մաս կը կազմէր նաեւ Հերիսայի պատրաստութիւնը: (Առանց Հերիսայի բան մը պակաս կը մնայ…) : Շնորհիւ յանձնախումբի տիկիններուն եւ իրենց օգնական Տիկիններ՝ Սօսի Չէլէպեանի, Լենա Պօյմուշաքեանի, Լիզա Թահանեանի եւ Լենա Կէօքճեանի պիտի պատրաստուէին Քեսապի Բիկիէղ, Պէնտըրուոն Հուոց, գետնախնձորով Քիւֆթէ, Քեպապ, Հէրիսա, թահինով հաց եւայլն, որոնք պիտի վաճառուէին ակնկալուած մօտ 500 հիւրերուն: Կատարուած գովազդին շնորհիւ Ժողովրդային խանդավառութիւնը մեծ էր, հետեւաբար ստացած էինք նուիրատուութիւններ եւ կը սպասուէին յաւելեալ նիւթական նուէրներ:
Փրփուրը դափնիի տերեւներով ճաշակելէ ետք ռուպը պիտի լեցուէր յատուկ ապակեայ շիշերու մէջ եւ պիտի վաճառուէր: Նուէրներէն եւ ճաշերէն գոյացած հասոյթը պիտի յատկացուէր Քեսապի Ազգային Միացեալ Ճեմարանին եւ Գօլստըն Ճեմարանին, տրուած ըլլալով որ այս երկու հաստատութիւնները, թէեւ կը գործեն տարբեր պայմաններու տակ, սակայն երկուքն ալ կը ծառայեն ՀԱՅԱԿԵՐՏՄԱՆ բայց մանաւանդ՝ ՄԱՐԴԱԿԵՐՏՄԱՆ:
Պսակաւոր Ժահրը ժամանակաւորապէս դանդաղեցուց մեր խանդավառութիւնը սակայն զայն չկարողացաւ մարել: 2021ը շուտով կու գայ եւ մեր թեզանիքները դարձեալ կը սօթտենք…
Որքան որ Համազգայինի Շրջանային Վարչութիւնը եւ յանձնախումբի անդամները խանդավառ էին եւ են այս ձեռնարկին կազմակերպութեամբ, նոյնքան խանդավառ է նաեւ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, որ կը հաւատայ աւանդութեանց պահպանման եւ կը քաջալերէ անոնց յաւերժացումը:
Երբ Աւստրալական պետութիւնը արգելքներ սկսաւ դնել հաւաքոյթներուն, Ուրբաթ 20 Մարտի երեկոյեան յանձնախումբի բոլոր անդամները հաւաքուեցան Սօնա եւ Յովհաննէս Աշըքեանի տան մէջ եւ համտեսելէ ետք ձեռնարկին համար արդէն իսկ պատրաստուած կարգ մը ուտելիքներ, զանոնք գնեցին: Գոյացած գումարը պիտի փոխանցուի Քեսապի Ճեմարանին:
Վարձքը կատար բոլորին: Կը սպասենք 2021ին: