Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արագ Հոսանքին

Մարտ 25, 2020
| Զաւարեանական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱՆՈՒԷԼԼԱ ՕՀԱՆՆԷՍԵԱՆ

Բազմաթիւ դիւրութիւններ, արագ տեղեկութիւններ, արագ հաղորդակցութիւններ, արագ ծառայութիւններ, արագ-արագ… սակայն, ճիշդ ո՞ր արագութեամբ է, որ միեւնոյն ժամանակ կը փճանայ մեր արժէքներու աշխարհը, եւ որքանո՞վ պատասխանատու ենք մենք այդ հոսանքին ենթարկուելու, ուղղակի կամ անուղղակի, ակամայ կամ կամովին, խորքին չվնասող կամ վնասով լի իրականութիւններուն…

Հարցումներ, որոնց անպայմանօրէն պատասխաններ չունինք առաջին իսկ անդրադարձէն, սակայն անկասկած անոնք հրաւէրներ են, շարժառիթներ, որոնք մեզ կը մղեն ըլլալու զգօն մեր հոգեկան, մտային եւ բարոյական աշխարհներու բնոյթին նկատմամբ: Աշխարհներ, որոնք հետզհետէ կը մխրճուին նիւթական աշխարհի սիւներուն մէջ՝ կորսուելով անոր ժամանակաւոր հաճոյքներուն մէջ: Ամէնէն պարզ օրինակ են ընկերային ցանցերը, որոնց ընծայած առիթները անկասկած ընդարձակ են, սակայն անուղղակիօրէն կը զրկեն մեզ ուղղակի մեր շրջանակին հետ շփումներէ, հաղորդակցութիւններէ: Մարդ ի բնէ պէտք ունի խօսակցութեան մը ընթացքին դիմացինին դէմք քննելու, աչքերու մէջ նայելով զգալու ցաւը, ուրախութիւնը եւ ոչ ընդմիշտ գտնուելու սահմանուած շրջանակի մը մէջ՝ ապակիի մը ետին։

Մարդ նաեւ եղած է անհամբեր, կանխադատ՝ հիմնուելով անուղղակի խօսակցութեան մը կամ նկարի մը վրայ։ Այնքան մը եւս օրինակ առնենք ընկերային ցանցերը, այո՛, անոնք բազմօգուտ են, սակայն արդեօք որքանո՞վ մենք ենք զանոնք կառավարողները, միթէ՞ իրենք չե՞ն, որ կը կառավարեն մեզ…։

Իսկ եթէ մեկնինք աւելի լայն հորիզոններ, դէպի սերունդի մը հիմքը, սիրտը՝ երիտասարդութիւնը, որ իր մանկութենէն ի վեր կ՚օգտուի այս բոլոր զարգացումներէն, կազմելու մտային հսկայ ուժ մը: Արդեօք ան իր բոլոր ուժերը առտնին չի՞ դարձներ եւ այս մանուկը իր պատանեկան կեանքին մէջ որոշ անմեղութիւն մը չէ՞ որ կը կորսնցնէ՝ զրկուելով պարզութենէ: Հետեւաբար այս բոլորը կ՚արձակուի իր երիտասարդական տարիքին մէջ, որուն ընթացքին մրցակցութեան աստիճանը բարձր կ՚ըլլայ իր շրջապատին հետ: Օրինակի համար, ընկերային ցանցերու վրայի նկարները կրնան կառուցողական մեկնարկներ ըլլալ եւ կամ ընդհակառակը՝ անգիտակցաբար ինքնավստահութեան խախտում մը: Ինքնավստահութեան խախտում տեղի կ՛ունենայ երբ կարծենք, թէ ամէն փայլող բան ոսկի է, ամէն կատարեալ երեւցող պատկեր իրապէս կատարեալ է, ամէն ժպիտ ուրախութիւն կը նշանակէ, ամէն յաջողութիւն դիւրին պատառ մըն է: Երբ անձ մը իր բոլոր տեսածները չկարողանայ արագօրէն ստանալ, իւրացնել, կը կարծէ, թէ ինք ձախողած է, ուշի մնացած է եւ կամ վատ կեանք մը կ՚ապրի… Այս մտածումները շատ լուրջ հարցեր կրնայ ստեղծել հետագային։

Եւ ահա կրկին կը վերադառնանք «արագ»-ին: Ճիշդ է, որ արագ եւ յառաջադէմ դարու մը մէջ կ՚ապրինք, բայց չենք անդրադառնար, թէ որքանով մեր ենթագիտակցական աշխարհը կ՚ազդուի այս բոլորէն եւ դժբախտաբար կարգ մը պարագաներու՝ վատօրէն… Երանի կարենանք այդ յուսահատ երիտասարդին ըսել, թէ ինք ուշ չէ՛, այդ մերժուած երիտատարդին, որ չուզեց հետեւիլ որոշ նորաձեւութեան մը, թէ ան ետ չէ՛, այլ պարզապէս այս նրբութիւններն են, , մեր անձնական ճաշակը, գործը, հետքը, որոնք իւրայատուկ կը դարձնեն մեզ ։ Կ՚ապրինք աշխարհի մը մէջ, ուր նիւթական կալուածները կը սեպուին հարստութիւններ՝ մոռնալով, թէ անոնք ժամանակաւոր են, ինչպէս կեանքը ինքնին ժամանակաւոր է, որովհետեւ կեանքը լի է վտանգներով, որոնցմէ է հիւանդութիւնը, որ մարդուն կը յիշեցնէ կեանքի իսկական արժէք հանդիսացող իրականութիւնները։

Այս դարուս արդեօք որքանո՞վ կը քանդակենք մեր անձէն որոշ տարբերակ մը, պարզապէս ուշադրութիւն գրաւելու կամ դրոշմելու համար «ես» մը, որուն մենք իսկ համոզուած չենք, եւ որ չ՛արտացոլեր մեր հոգեկան ճիշդ պատկերի իրականութիւնները: Խորքին մէջ որքա՞ն արժէք ունի ոչ խաղաղ վիճակ մը ունենալը, պարզապէս ժամանակաւոր եւ կեղծ ուշադրութիւն գրաւելու համար: Որքա՞ն հեռու ենք պարզութենէն եւ անկեղծութենէն: Որքա՞ն տխուր սերունդ մըն ենք, հակառակ մեզ շրջապատող բոլոր հաճոյքներուն: Որքա՞ն աղքատ է մեր արժէքներու պաշարը, հակառակ բոլոր մեր հարստութիւններուն: Որքանո՞վ դատարկ է մեր ներքին աշխարհը։

Այս բոլոր յիշուածները նիւթեր են, որոնց մասին կ՚արժէ մտածել եւ նուազագոյն անդրադարձը ունենալ: Հետեւելով դարու արագ քայլերով խճողուած ճամբուն վրայ մենք մեզի կը մոռնանք իբրեւ անհատներ եւ կը մրցինք՝ հասնելու համար հո՛ն, ուր կը կարծենք մեր իտէալական նպատակն է: Բոլոր պայմանները անուղղակիօրէն մեզ կ՛առաջնորդեն դէպի անգիտակցութիւն, այդ պատճառով ալ պէտք է արթուն ըլլանք, փորձենք պահել մեր թանկարժէք մարդկութիւնը, փորձենք ներթափանցել թաքնուած ներկայ արժէքի մը՝ սիրոյ խորերը: Ըլլանք մարդոց նկատմամբ ազնիւ, ըլլանք ոչ մրցակից, այլ շինարար ձեւով լաւ շրջանակ մը կառուցող մարդիկ, ճանչնանք մենք մեզ նախ եւ երբեմն սառեցնենք արագ հոսանքը պարզապէս շունչ մը առնելու՝ իսկապէս ապրելու համար։

 

 

Նախորդը

Արեւածագ

Յաջորդը

«Քորոնա» Ժահրն Ու Անոր Ազդեցութիւնը

RelatedPosts

Մեր Խօսքը
Զաւարեանական

Զաւարեանական. Մեր Խօսքը

Յուլիս 2, 2025
Հայապահպանումը Սփիւռքի Մէջ` Փոքր Գործեր, Մեծ Իմաստ
Զաւարեանական

Հայապահպանումը Սփիւռքի Մէջ` Փոքր Գործեր, Մեծ Իմաստ

Յուլիս 2, 2025
Եկեղեցի – Պետութիւն Փոխյարաբերութիւններու Ներկայ Իրավիճակը
Զաւարեանական

Եկեղեցի – Պետութիւն Փոխյարաբերութիւններու Ներկայ Իրավիճակը

Յուլիս 2, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?