Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ յայտարարեց, որ ֆետերասիոնին հովանիին տակ տեղի ունեցող բոլոր ախոյեանութիւններն ու մրցաշարքերը անխտիր մինչեւ 14 ապրիլ կը դադրին տեղի ունենալէ:
Ֆետերասիոնի նախագահ Արմէն Մելիքբէկեան ըսաւ, որ հետեւելով «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի տուած որոշումին, Հայաստանի մէջ եւս կը դադրին բոլոր տեսակի ֆութպոլի իրադարձութիւնները` «Քորոնա» ժահրին պատճառով: