Երէկ` հինգշաբթի, 27 փետրուարին մահացաւ յուշարձանագէտ, պատմաբան Սամուէլ Կարապետեանը (58 տարեկան): Ան ծնած է 30 յուլիս 1961-ին:
Սամուէլ Կարապետեանը Հայկական ճարտարապետութիւնը ուսումնասիրող հիմնադրամի երեւանեան գրասենեակի նախագահն էր: Հեղինակ է բազմաթիւ արժէքաւոր գիրքերու եւ աշխատութիւններու: Երեք տասնամեակի ընթացքին հետազօտած եւ ցուցակագրած է Արեւմտեան Հայաստանի հայ ճարտարապետութեան հազարաւոր նմուշներ: Հայկական յուշարձաններու ոչնչացման փաստերը Սամուէլ Կարապետեան 2007-ին ներկայացուցած է Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին, իսկ 2008-ին` Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին:
Արժանացած է Հայաստանի նախագահի մրցանակին, Արցախի Հանրապետութեան «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանին:
1975 թուականէն սկսած է ճամբորդել Խորհրդային Հայաստանի տարածքով` բնութիւնը ուսումնասիրելու նպատակով, իսկ 1978-էն սկսեալ լուսանկարած, չափած եւ նկարագրած է հայկական յուշարձանները ամբողջ Արեւմտահայաստանի տարածքին: