Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան, երէկ նախարարութեան իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէէն պատուիրակութիւն մը, զոր կը գլխաւորէր կոմիտէի նախագահ Ժան Համմամ, եւ որուն մաս կը կազմէին Ֆրանսուա Սաատէ, Հասսան Ռըսթոմ, Ռուլա Ասի եւ Վաչէ Ծատուրեան:
Շնորհաւորելով նախարար Օհանեան-Գէորգեանը իր ստանձնած պաշտօնին համար, Ժան Համմամ յոյս յայտնեց, որ Լիբանանի խորհրդարանին մէջ մարզաշխարհի եւ մարզիկներուն ձայնը մի՛շտ ալ լսելի ըլլան բոլորին:
Ապա Համմամ նախարարը տեղեակ պահեց ցարդ կատարուած աշխատանքներուն մասին, ինչպէս նաեւ ներկայացուց յառաջիկային իրագործուելիք ծրագիրները:
Իր կարգին, նախարար Օհանեան-Գէորգեան քաջալերեց Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէին տարած աշխատանքները, յատկապէս այն առումով, որ անիկա ամէն ճիգ ի գործ կը դնէ բոլոր ֆետերասիոններուն ալ օժանդակութեան ձեռք երկարելու` ըլլա՛յ բարոյապէս, ըլլա՛յ նիւթականով:
Հանդիպումին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ, Թոքիօ-2020-ի ողիմպիականին: