Հայրենի կրանտմասթըր Կարէն Գրիգորեան, որ վերջին շրջանին միջազգային գետնի վրայ բարձր արդիւնքներ կ՛արձանագրէ, տիրացաւ «Սանթիակօ Մասթըրզ»-ի ճատրակի միջազգային մրցաշարքին տիտղոսին` ապահովելով 7,5 կէտ:
Նշենք, որ ան վերջին` 9-րդ հանգրուանէն առաջ իսկ, ապահոված էր տիտղոսը:
Տիտղոսին տիրանալով, ան 2 կէտով բարելաւեց իր անհատական վարկանիշը եւ այժմ իր տրամադրութեան տակ ունի 2662 կէտ: