Ա. ԵՂԻԱՅԵԱՆ
Մեծայա՛րգ խմբագրութիւն «Ազդակ»-ի,
Թերթիդ երէկուան (5-2-20) թիւով եւ «50 տարի առաջ»-ին տակ բերուած էր թղթակցութիւնը դասախօսութեան մը, որ օրին տուած է Արտաշէս Տէր Խաչատուրեան` արեւմտահայ մամուլի վաստակին մասին:
Այստեղ մասնաւորաբար կը կարդանք.
«19-րդ դարու մեր մամուլին մէջ ամենակարեւոր դերը կատարած է «Մասիս» (1890), որ եղած է նախ ամսաթերթ` խմբագրապետ ունենալով Գրիգոր Զոհրապը: Այս թերթը կը փոխէ իր խմբագիրը 1898-ին» («Ազդակ», 5-2-2020, էջ 9):
Անձամբ շատ լաւ ճանչցած ըլլալով դասախօսը եւ անոր ունեցած հմտութիւնը մեր մամուլի պատմութեան մէջ` շատ կը կասկածիմ, որ ան յայտնած ըլլայ մէջբերուած միտքերը: Ցաւալի է, որ թղթակիցը շփոթած է շատ բաներ, որոնք վրիպած են օրուան խմբագրութեան ուշադրութենէն եւս, եւ ահա այդ նոյն վրէպները երեւան կ’ելլեն 50 տարի ետք ալ: Այս ընթացքով անոնք պիտի կրկնուին յառաջիկայ 50 տարիներուն եւս ու այդպէս ալ յաւերժանան…
Իսկ «Մասիս»-ը արժանի է աւելի լայն ծանօթութեան ու ճշգրիտ տուեալներու:
***
«Մասիս»-ը հիմնուած է 1852-ին եւ ոչ թէ` 1890-ին, իբրեւ օրաթերթ եւ ոչ թէ իբրեւ ամսաթերթ, Կարապետ Իւթիւճեանի եւ ո՛չ թէ Գրիգոր Զոհրապի կողմէ, որ տակաւին ծնած չէր: Անոր առաջին թիւը լոյս կը տեսնէ 2 փետրուարին, կը դառնայ Պոլիս հրատարակուող առաջին արեւմտահայ թերթը: Իրմէ առաջ այնտեղ կար «Լրոյ գիր…» կոչուածը, որ սուլթանի արքունի թրքերէն պաշտօնաթերթին հայերէն թարգմանութիւնն էր եւ կը հրատարակուէր կայսրութեան նախաձեռնութեամբ ու ծախսերով:
Իւթիւճեան իր շուրջ ունէր մտաւորական կոկիկ կորիզ մը, յորում կը գտնուէին Գրիգոր Օտեանը, Նահապետ Ռուսինեանը, բժ. Սերվիչենը եւ ուրիշներ, որոնք բոլորն տարուած էին աշխարհաբար լեզուն կոկելու, կանոնաւորելու եւ համազգային լեզուի մը վերածելու մարմաջով` հակառակ իրենց շատ խոր կապուածութեան գրաբարին:
Իւթիւճեան ամբողջ 32 տարի մեծ կորովով ու նուիրումով պայքարեցաւ իր այս իտէալին համար, եւ մեր բարբառը շատ բան կը պարտի իրեն եւ իր հիմնած աւանդոյթին: Իրմէ ետք թերթը 1886-ին ստանձնեցին օրուան լաւագոյն ուժերը, որոնցմէ թուեմ Արփիար Արփիարեանը, որ արդէն մաս կը կազմէր անոր անձնակազմին, եւ զայն վերածեցին ազգային տոկուն բեմի մը, որ իր յատուկ տեղը եւ վարկը ունէր արեւմտահայ իրականութեան մէջ: Անոր կ’աշխատակցէին օրուան անուանի մտաւորականներէն` Յակոբ Պարոնեանը, Լեւոն Բաշալեանը, Երուանդ Օտեանը, Արշակ Չոպանեանը, Արտաշէս Տէր Յարութիւնեանը, Եղիա Տեմիրճիպաշեանը, Գրիգոր Զոհրապը, Սիպիլը, Հրանդ Ասատուրը եւ ուրիշներ:
Այստեղ է, օրինակ, որ 1888-ին իբրեւ թերթօն հրատարակուեցաւ 27-ամեայ Գրիգոր Զոհրապի առաջին վէպը` «Անհետացած սերունդ մը», իսկ տարի մը ետք` «Ուղեւորութիւն մը յիշատակներէս ներս»-ը:
***
1892-ին զայն ձեռք կ’անցընէ Գրիգոր Զոհրապ, որ կը դառնայ անոր տէրն ու տնօրէնը` իրեն հետ ունենալով Հրանդ Ասատուրը եւ Տիգրան Կամսարականը: Թերթը լոյս կը տեսնէ նոյն տարուան յունուարին` իբրեւ երեքշաբաթեայ եւ կը գործէ ամենայն կանոնաւորութեամբ` յաջորդաբար լոյս ընծայելով 17 թիւ եւ գտնելով մեծ ընդունելութիւն:
Այս յաջողութենէն քաջալերուած ու խանդավառ` Զոհրապ 1893-ին «Մասիս»-ը կը վերածէ շաբաթաթերթի` հակառակ Հրանդ Ասատուրի բազմաթիւ զգուշացումներուն, քանի այս վերջինը շատ աւելի տեղեակ էր թերթի խոհանոցային հաշիւներուն ու մանրուքներուն եւ կը գիտակցէր, որ կարելի չէր ապրեցնել զայն իբրեւ շաբաթաթերթ: Եւ իրօք ալ, հազիւ եօթը ամսուան կեանք մը կ’ունենայ շաբաթաթերթը` սպառելով խմբագրական անձնակազմին բոլոր ուժերը, յատկապէս` Զոհրապի, որ ա՛լ ժամանակ չէր գտներ զբաղելու անով:
Սակայն Զոհրապի արիւնին մէջ էր հրապարակագրութիւնը:
Ան հետամուտ կ’ըլլայ վերստին տիրանալու «Մասիս»-ին եւ կը յաջողի` իրեն հետ ունենալով Սիպիլը եւ Հրանդ Ասատուրը: Եւ ան լոյս կը տեսնէ իբրեւ օրաթերթ:
Զոհրապ, որ արդէն ծանրաբեռնուած էր իր ասպարէզով եւ ազգային երեսփոխանի տաղտուկներով, հիմա կը մտնէ նոր հեւքի մը մէջ` ամէնօրեայ խմբագրականներով ու ազգային հարցերու նուիրուած յօդուածներով, որոնք կը հիւծէին զինք:
Այսպէս կը տոկայ հազիւ տարի մը ու կը քաշուի անկէ:
«Մասիս»-ը անկէ ետք կը շարունակէ լոյս տեսնել մինչեւ 1908-ի սահմանադրութիւնը, երբ նոր դէմքեր, նոր հոսանքներ ու նոր արժէքներ հրապարակ կու գան` վերջ դնելով անոր 56-ամեայ գոյութեան, ուր ան փոքր ընդմիջումներով արեւմտահայութեան եւ արեւմտահայերէնին բաբախող սիրտը եղաւ` իր մէջ ներառելով օրուան լաւագոյն մտաւորականները եւ իրը դարձնելով ազգը յուզող բոլոր հարցերն ու մտահոգութիւնները:
Անոր վերջին տնօրէնը կ’ըլլայ Ենովք Արմէնը:
6 փետրուար, 2020