Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի խմբապետ եւ Ա. Էս. Ռոմայի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, շատ հաւանաբար իր մասնակցութիւնը բերէ ուրբաթ, 7 փետրուարին Պոլոնիայի դէմ կատարուելիք մրցումին, որ պիտի ըլլայ Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Քալչիօ») 23-րդ հանգրուանի բացման մրցումը:
Ըստ իտալական «Քորիերէ Տելլօ Սփոր»-ին, Մխիթարեան իր ստացած վնասուածքէն բաւական ապաքինած է եւ այժմ իր փորձերը կը կատարէ իր խմբակիցներուն հետ:
Ընթացիկ տարեշրջանին ան իր կազմին հետ ցարդ մասնակցած է 9 մրցումի եւ նշանակած 3 կոլ:
Պոլոնիայի դէմ մրցումը, պիտի սկսի ժամը 21:45-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով):
Այժմ Ա. Էս. Ռոմա 9 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 5-րդ դիրքը:
22-րդ հանգրուանի վերջին մրցումին, այսօր ժամը 21:45-ին, Լացիօ Ռոմա (3-րդ) կը հիւրընկալէ Վերոնան (11-րդ):