Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրքական Գործօնը Եւ Լիբանանեան Ապստամբութիւնը

Փետրուար 4, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ

Վերջերս լիբանանեան ցոյցերը անցան դէպի բռնութեան փուլ: Հիւսիսէն, մասնաւորաբար Թրիփոլիէն եւ Աքքարէն եկած հարիւրաւոր ցուցարարներ հրկիզեցին Պէյրութի Կեդրոնական շուկայի խանութները եւ քարկոծեցին ոստիկանութիւնը: Հոս չեմ ուզեր այպանել լիբանանցի ժողովուրդին պոռթկումը եւ յեղափոխական ոգին, ան արդար կերպով ապստամբեցաւ փտածութեան եւ իշխանութեան մը դէմ, որ 30 տարիէ ի վեր ձախողեցաւ քաղաքացիին նուազագոյն իրաւունքները տալ: Այլ կ՛ուզեմ խօսիլ թրքական գործօնին մասին, որուն վրայ վերջին օրերուն բաւական լուսարձակի տակ առնուեցաւ:

Վերջին օրերուն բաւական լսեցինք «Հուրրաս ալ Մատինա» (Քաղաքի պաշտպանները) կազմակերպութեան մասին: Կազմակերպութիւն մը, որ հիմնուած է Թրիփոլիի մէջ եւ լաւ կապեր ունի արդարութեան նախկին նախարար Աշրաֆ Ռիֆիի հետ ու ֆինանսաւորուած է թրքական պետութեան կողմէ: Այստեղ ըսեմ, որ այս կազմակերպութիւնը առաջինը չէ, անոր կողքին նաեւ Իսլամական բժշկական կազմակերպութիւնը եւ Լիբանանի թուրքմենական դաշնակցութիւնը բաւական աշխուժ մասնակցութիւն բերին ցոյցերուն: «Հուրրաս ալ Մատինա» կազմակերպութեան երիտասարդ գործիչներէն է Ռապիհ Զէյնը, որ յաճախ խնդրայարոյց տիպարի մը վերածուած է ընկերային ցանցերուն վրայ, ուր վերջերս տեղադրուած տեսանիւթի մը մէջ ան կոչ ուղղեց իր հետեւորդներուն` պայթուցիկներ գնելու եւ նետելու ոստիկաններուն վրայ: Այս կազմակերպութեան անդամները 17 հոկտեմբերի ապստամբութեան առաջին օրը Թրիփոլիի մէջ ճամբայ իջան թրքական դրօշակներով, սակայն ցուցարարները մերժեցին զիրենք ապա անոնք սկսան ծածուկ կերպով ցոյցերուն մասնակցիլ եւ հանդիպումներ ունենալ Աշրաֆ Ռիֆիի հետ:

«Շիրաա» շաբաթաթերթը իր 24 յունուարի թիւին մէջ երկար յօդուածով մը անդրադարձաւ այս կազմակերպութեան անդամներուն գործունէութեան: Այստեղ կ՛ուզեմ որոշ մէջբերումներ ընել: Այս կազմակերպութիւնը հիմնուեցաւ 2015-ին, անոր ղեկավարն է տոքթ. Ժամալ Պատուի: Տոքթ. Պատուիի համաձայն, 2018-ին անոնք իրենց մասնակցութիւնը բերին Թրիփոլիի քաղաքապետական ընտրութեան` Աշրաֆ Ռիֆիի կողքին: Հակառակ անոր որ անիկա քաղաքական հոսանք չէ, սակայն վերջին օրերուն ստացաւ քաղաքական գունաւորում: Նաեւ, հակառակ անոր որ տոքթ. Պատուի ժխտեց այն լուրերը, թէ իր կազմակերպութեան ետին կանգնած է թրքական հետախուզական ցանցը, ան յայտարարեց, որ ինք միշտ նեցուկ կանգնած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի քաղաքականութեան: Վերջին տարիներուն Թուրքիոյ տնտեսական եւ քաղաքական ներդրումը հիւսիսային Լիբանանի, մասնաւորապէս Թրիփոլի քաղաքին մէջ արդէն իսկ իր պտուղները սկսաւ տալ:

Այստեղ պէտք է աշխարհաքաղաքական եւ աշխարհատնտեսական դիտանկիւնէ նայինք հարցերուն: Լիպիոյ մէջ Թուրքիոյ վերջին քայլերը կը պատկերացնեն այն երեւոյթը, որ Անգարա կը փորձէ դառնալ քարիւղի տարանցումի եւ արտահանումի երկիր մը: Հիւսիսային Կիպրոսի քարիւղի հանքերուն տիրանալով եւ Լիպիոյ հետ ծովային սահմանը գծելով ի նպաստ իրեն` ան իշխած կ՛ըլլայ Միջերկրական ծովու արեւելեան ափի քարիւղի հանքերուն, միւս կողմէ` իսրայէլեան քարիւղի արտածման առջեւ ճամբան կը փակէ: Զարմանալի չէ, որ Իսրայէլ, Եգիպտոս, Յունաստան եւ Կիպրոս ռազմավարական համաձայնութիւն մը կնքեցին իրենց միջեւ բաժնելու համար Միջերկրական ծովու արեւելեան ափի քարիւղի հանքերը: Այս իրողութենէն մեկնած, ապագային նաեւ Լիբանանի առաւելութիւնը` իբրեւ քարիւղային երկիր, կը մտահոգէ Թուրքիան: Անգարա մտահոգ է, որ եթէ Լիբանանը եւ Սուրիան հետագային միանան հակաթրքական դաշինքին, ապա ան պիտի կորսնցնէ իր ուժանիւթային առաւելութիւնը եւ աշխարհատնտեսական ազդեցութիւնը շրջանին մէջ: Գաղտնիք մը չէ, որ երբ 23 օգոստոս 2019-ին Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու Լիբանան այցելեց, նախագահ զօրավար Միշել Աունի հետ տեսակցութեան ժամանակ այս խնդիրը քննարկուեցաւ, սակայն Չաւուշօղլու լիբանանեան կողմէն որեւէ երաշխիք չստացաւ: Անոր յաջորդեց դիւանագիտական բախում մը երկու երկիրներուն միջեւ:

Կայ նաեւ տնտեսական գործօնը: Այնպիսի պահու, երբ սուրիական պատերազմի փուլը կը հասնի իր աւարտին, շրջանային երկիրները, ներառեալ` Լիբանանը եւ Թուրքիան, շահագրգռուած են Սուրիոյ վերակառուցման ծրագիրներու շահերով: Ամիսներ առաջ չինական ընկերութիւններ այցելեցին Թրիփոլի եւ Պեքաա` տարանցումի կեդրոններ հիմնելու դէպի Սուրիա: Ասիկա թրքական շահերէն չէր բխեր, որովհետեւ Անգարա հսկայական գումարներ մսխեց սուրիական տագնապին ընթացքին` իր դաշնակից զինեալ խմբաւորումներուն օժանդակելու եւ ներկայիս կ՛ուզէ շահաբաժիններու վերատիրանալ ու կառուցել տարանցումի կեդրոններ` սահմանային շրջաններուն մէջ, որպէսզի դէպի Սուրիա վերակառուցման ծրագիրները սկսին Թուրքիայէն, որ կը հիւրընկալէ աւելի քան 3 միլիոն սուրիացի գաղթականներ: Անգարա այս գաղթականներէն մաս մը վերաբնակեցնելով Աֆրինի եւ քրտական գրաւեալ շրջաններու մէջ` կ՛ուզէ եւրոպական եւ չինական ներդրումներ ապահովել իր քաղաքական վարկը վեր պահելու համար գաղթականներուն դիմաց:

Այս բոլորը ցոյց կու տան, որ թրքական փափուկ քաղաքականութիւնը իր հունձքերը քաղելու սկսած է Լիբանանի մէջ, եւ ներկայիս, Արաբական ծոցի երկիրներու քաղաքական բացակայութեան պայմաններուն մէջ, միակողմանի քաղաքականութիւն կը վարէ հիւսիսային Լիբանանի մէջ եւ կը փորձէ իր ազդեցութիւնը տարածել նաեւ Պէյրութի վրայ:

Yeghia.tash@gmail.com

 

Նախորդը

«Դարու Գործարք»-ը

Յաջորդը

Հայերէն Գիրքի Պատմութիւն. Սովորական Նահանջի Զարդարանք

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իշխանափոխութիւնը Ազգային Առաջնահերթութիւն Է

Հոկտեմբեր 1, 2025
Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

Սեւանի Հորթուկը

Հոկտեմբեր 1, 2025
Լոյս Տեսաւ «Ռուբէն Զարդարեանի Անտիպ Նամակները» Ժողովածուն
Անդրադարձ

Լոյս Տեսաւ «Ռուբէն Զարդարեանի Անտիպ Նամակները» Ժողովածուն

Սեպտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?