Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն. «Ազրպէյճանի Մէջ Հայերու Հանդէպ Ատելութեան Խնդիրը Հասած Է Սպառնացող Ծաւալներու»

Յունուար 14, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց յայտարարութիւն` Պաքուի մէջ 13 յունուար 1990-ին հայերու դէմ նպատակաուղղուած ճնշումներու վերաճման հետեւանք հանդիսացող կազմակերպուած կոտորածներուն 30-րդ տարելիցին առիթով:

Նշուեցաւ, որ վանկարկելով «Փա՛ռք Սումկայիթի հերոսներուն», «Կեցցէ՛ Պաքուն` առանց հայերու» կարգախօսներ, բազմահազար մարդոց ամբոխը, Ազրպէյճանի ազգային ճակատի (ԱԱՃ) գործիչներուն ղեկավարութեամբ, խումբերու բաժնուեցաւ եւ սկսաւ հետեւողական կերպով տուն առ տուն քաղաքը «զտել» հայերէ, դաժանաբար սպաննել զանոնք, իսկ մահէն խուսափիլ կրցած անձերը ենթարկուեցան տեղահանութեան` դէպի Հայաստան եւ Ռուսիա:

Ամբողջ շաբաթ մը տեւած ջարդերէն ետք, 18 յունուարին Պաքուի մէջ հայկական ջարդերու, ինչպէս նաեւ Շահումեանի շրջանի հայկական գիւղերու եւ Գետաշէնի վրայ յարձակումներուն գծով Եւրոպական խորհրդարանը ընդունեց «Հայաստանի մէջ իրավիճակի մասին»  բանաձեւը` կոչ ուղղելով Խորհրդային Միութեան իշխանութիւններուն ապահովելու Ազրպէյճանի մէջ ապրող հայերու պաշտպանութիւնը` իրավիճակին միջամտելու համար զօրք մտցնելու միջոցով: 20 յունուարի գիշերը Պաքու մտան խորհրդային բանակի ստորաբաժանումները, որոնք, յաղթահարելով ԱԱՃ-ի զինուած ջոկատներու կատաղի դիմադրութիւնը, վերջ տուին ջարդերուն, որոնց ընթացքին սպաննուեցան 150-300 անձեր:

Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր յայտարարութեամբ դատապարտեց Ազրպէյճանի կողմէ կատարուող ցեղասպանական գործողութիւններու շարունակական ժխտումը եւ զանոնք կատարողներուն հերոսացումը, ինչ որ դարձած է Պաքուի` այլատեացութեան եւ հայատեացութեան քարոզչութեան քաղաքականութեան բաղկացուցիչ մաս:

«Այսօր հայերուն նկատմամբ ատելութեան արմատաւորումը եւ այդ հիմքով յանցագործութիւններու խրախուսումը Ազրպէյճանի մէջ  բարձրացած են պետական քաղաքականութեան մակարդակի եւ ներթափանցած այդ երկրի հանրային կեանքի բոլոր ոլորտները` զգալի փոփոխութիւններ յառաջացնելով ազրպէյճանական հասարակութեան գիտակցութեան մէջ: Ազրպէյճանի մէջ հայերուն հանդէպ ատելութեան խնդիրը հասած է այնպիսի ծաւալներու, որ դարձած է շրջանային կայունութեան եւ անվտանգութեան դէմ ուղղուած սպառնալիքներու  հիմնական աղբիւրներէն մէկը», նշուեցաւ յայտարարութեան մէջ:

Նախարարութիւնը դիտել տուաւ, որ այդ բացասական գործընթացները յաղթահարելու եւ Ազրպէյճանի մէջ այլատեացութեան աւելի  վատթարացման թոյլ չտալու համար անհրաժեշտ է միջազգային հանրութեան աջակցութեամբ միջոցներու ձեռնարկել` ազրպէյճանական հանրութիւնը ազատելու իշխանութիւններուն կողմէ արմատաւորուող մարդատեաց մօտեցումներէն եւ կողմնորոշիչներէն:

«Հայերուն հանդէպ ատելութեան բազմամեայ քարոզչութեան պատճառով երեւան եկած բացասական երեւոյթները արմատախիլ ընելու գործընթացին մէջ կարեւոր քայլ կրնայ դառնալ ազրպէյճանական իշխանութիւններուն կողմէ պատասխանատուութեան ստանձնումը` հայկական բնակչութեան նկատմամբ իրականացուած զանգուածային յանցագործութիւններու, այդ կարգին` Պաքուի ջարդերուն համար: Ատիկա ո՛չ միայն թոյլ կու տայ առողջացնել իրավիճակը Ազրպէյճանի մէջ, այլեւ առիթ կու տայ նախադրեալներ ստեղծելու շրջանին մէջ ամուր խաղաղութեան հաստատման համար», եզրափակուած է յայտարարութիւնը:

 

Նախորդը

Խրուաթիան Աւարտած Է Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն Համաձայնագիրի Վաւերացման Համար Անհրաժեշտ Ներպետական Ընթացակարգերը

Յաջորդը

Հայաստանի Քաղաքական Եւ Հոգեւոր Ղեկավարութիւնը Ոգեկոչեց Պաքուի Ջարդերուն 30-Ամեակը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?