Լիբանանի ֆութպոլի 2019-2020 տարեշրջանի ախոյեանութիւնը կը շարունակէ պարզել անորոշ վիճակի` նկատի ունենալով, որ ցարդ յստակ ոչինչ կայ Ա. եւ Բ. դասակարգերու մրցումները շարունակելու կամ չշարունակելու գծով:
Կը խօսուի, որ Գ. եւ Դ. դասակարգերու ախոյեանութիւնները այս տարեշրջանին ամբողջութեամբ տեղի պիտի չունենան, մինչ Ա. եւ Բ. դասակարգերուն կիսատ մնացած ախոյեանութիւնները պիտի շարունակուին:
Բայց թէ անոնք ինչպէ՞ս պիտի շարունակուին, ցարդ յստակ չէ:
Ասկէ մեկնելով, Ռասինկ (Բ. դասակարգ) յայտարարեց, որ երկկողմանի համաձայնութեամբ մը խզած է իր պայմանագրութիւնները իր երկու օտարականներուն հետ` նկատի ունենալով, որ խումբերը օտարականներով պիտի չշարունակեն կիսատ մնացած ախոյեանութիւնները:
Կը կարծուի, որ նոյնը պիտի ըլլայ նաեւ Ա. դասակարգի ակումբներուն հետ:
Նշենք, որ յայտարարուեցաւ նաեւ, որ Պըրժ եւս երկկողմանի համաձայնութեամբ մը խզած է իր պայմանագրութիւնները իր օտարական մարզիկներուն հետ: