Երէկ` ուրբաթ, 27 դեկտեմբերին, «Պրիսթոլ» պանդոկին մէջ (Պէյրութ) տեղի ունեցաւ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին համագումարը` ներկայութեամբ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Հաշեմ Հայտարի եւ ֆետերասիոնի բոլոր անդամներուն:
Այս համագումարին իւրաքանչիւր ակումբի ներկայացուցիչ արտասանեց իր խօսքը եւ տուաւ իր կարծիքը` Լիբանանի ֆութպոլի 2019-2020 տարեշրջանին կիսատ մնացած ախոյեանութեան գծով:
Ֆետերասիոնը լսեց բոլորին ալ տուած կարծիքները, որոնք եղան տարբեր տեսակի:
Անոնցմէ ոմանք նշեցին, որ ախոյեանութիւնը պէտք է կայանայ միայն մէկ հանգրուանով, ուրիշներ` երթուդարձի դրութեամբ, իսկ այլ մասնակիցներ ըսին, որ տարեշրջանի աւարտին խումբերը պէտք չէ Ա. դասակարգէն Բ. դասակարգ փոխադրուին:
Մասնակիցներուն արտայայտած բազմաթիւ կարծիքները բոլորն ալ նկատի առնուեցան ֆետերասիոնին կողմէ:
Համագումարին աւարտին, ֆետերասիոնին նախագահը յայտնեց, որ երկուշաբթի, 30 դեկտեմբերին, ֆետերասիոնին կեդրոնատեղիին մէջ գումարուելիք ժողովին պիտի վճռուի 2019-2020 տարեշրջանին ճակատագիրը:
Այս համագումարին մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ իմանալու նպատակով երէկ գիշեր «Ազդակ» ունեցաւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը` ֆետերասիոնի անդամ եւ ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցիչ Վահրամ Պարսումեանի հետ, որ ըսաւ, թէ ժողովը անցաւ շատ դրական մթնոլորտի մէջ, եւ այժմ պէտք է սպասել ֆետերասիոնին գումարելիք նիստին, որ անպայման պիտի գոհացնէ բոլոր կողմերն ալ անխտիր:
Լուսանկարները Տրամադրեց`
ԱՏՆԱՆ ՀԱԺ ԱԼԻ