Չինաստան եւ Միացեալ Նահանգներ հոկտեմբերին Ուաշինկթընի մէջ առեւտրական խնդիրներու վերաբերեալ բարձր մակարդակի բանակցութիւններու վերսկսման շուրջ համաձայնութիւն գոյացուցած են: Այս մասին կը հաղորդէ «Պլումպըրկ» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով Չինաստանի առեւտուրի նախարարութեան յայտարարութիւնը:
«Երկիրները համաձայնութիւն գոյացուցած են հոկտեմբերի սկիզբը Ուաշինկթընի մէջ առեւտրատնտեսական հարցերու շուրջ բարձր մակարդակով կատարել չին-ամերիկեան բանակցութիւններու 13-րդ փուլը», նշուած է նախարարութեան կայքին վրայ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ:
Լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ աշխատանքային մակարդակով հանդիպումները պիտի սկսին սեպտեմբերի կէսերուն:
«Ո՛չ Չինաստանը, ո՛չ ալ Միացեալ Նահանգները կ՛ուզեն, որ աշխարհը զիրենք մեղադրէ առեւտրական պատերազմներու սրման եւ համաշխարհային տնտեսութեան վնաս հասցնելու համար», բացատրած է Չինաստանի առեւտուրի նախարարութեան նախկին պաշտօնատարը եւ աւելցուցած, որ բանակցութիւններու վերսկսումը տակաւին չի նշանակեր, թէ կողմերը կրնան հասնիլ երկկողմանի պատժամիջոցներու մեղմացման:
Նշենք, որ առեւտրական տարակարծութիւններու շուրջ բանակցութիւնները դադրեցուած էին երկու երկիրներուն միջեւ «մաքսատուրքային պատերազմ»-ի սրումին պատճառով:
23 օգոստոսին Թրամփ նշած էր, թէ աշնան սկիզբէն սկսեալ 300 միլիառ տոլար ընդհանուր արժէք ունեցող չինական ապրանքներու համար մաքսատուրքերը պիտի աւելնան` հասնելով 10-էն մինչեւ 15 առ հարիւրի, իսկ 1 հոկտեմբերէն 250 միլիառ տոլար ընդհանուր արժէք ունեցող այլ ապրանքներու վրայ մաքսատուրքերը պիտի աւելնան` հասնելով 25-էն 30 առ հարիւրի: