Չինաստանի մէջ տեղի ունեցող պասքեթպոլի աշխարհի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան 8 ճակատումներ:

Չորս խումբեր` Արժանթին, Լեհաստան, Սերպիա եւ Սպանիա արձանագրեցին իրենց չորրորդ յաջորդական յաղթանակները` ապահովելով առաւելագոյն 8 կէտը:
Սպանիա իր այս յաղթանակը արձանագրեց Իտալիոյ հաշուոյն` 67-60 արդիւնքով: