Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լռութեամբ Խօսող Թանկագին Բարեկամիս (Պօղոս Շահմելիքեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով)

Սեպտեմբեր 7, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ

«Յաճախ կը յիշեմ Լեւոն Շանթի նշանաւոր խօսքը` «Կեանքը իր ճամբով, մահը իր ճամբով», սակայն ցաւերը մեղմացնելու լաւագոյն «դեղահատը» ժամանակն է: Հարազատի մը, մօտիկ ընկերոջ մը մահուան վիշտը չի՛ դարմանուիր: Ժամանակի ընթացքին հաւանաբար «հաշտուինք», սակայն անկարելի է, որ մոռցուի»

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ
13 մարտ 2018

Մեզմէ առ յաւէտ բաժանումիդ լուրը լսելէս ի վեր այս տողերդ անդադար կը մրճահարուին մտքիս մէջ, ժապաւէնի արագ-արագ փոխուող պատկերներու նման` դիմացս կը տողանցեն քեզմէ ստացած նամակներուս մէջ մահուան հետ անհաշտ ըլլալուդ վերաբերող տողեր, բաժանումի պատճառով ապրած կսկիծներուդ մասին արտայայտութիւններ եւ այն ծանր տխրութիւնը, զոր փորձած ես դրսեւորել, երբ քեզմէ մտերիմ մը վերջին հրաժեշտ տուած ըլլայ քեզի:

Օրին այս բոլորին մասին ընթերցողի դիրքին մէջ էի պարզապէս, կը նեղուէի քու տագնապիդ համար, կը գրէի, որ կը հասկնամ, սակայն այսօր կը գիտակցիմ, որ չէի հասկնար, այլ հիմա՛ է, որ իսկապէս կ՛ըմբռնեմ` ի՛նչ կ՛ուզէիր ըսել… Կոկորդիս կեդրոնը կախուած մեծ գունդի կը նմանի հեռացումդ, որ կը մերժէ իջնել, կը շարունակէ իր գոյութիւնը զգացնել, որքան ալ փորձեմ ձերբազատիլ անկէ… Չեմ կրնար ընդունիլ, որ այս անգամ դո՛ւն ես հեռացողը` միանալու այն բազում սիրելիներուդ, որոնց բաժանումը այնքան խոցած է բարի սիրտդ: Շա՜տ ու շա՛տ նիւթերու մասին խօսած էինք, գրած` իրարու, քիչ թէ շատ գիտեմ` ինչպէ՛ս կը մտածես ու ի՛նչ ապրումներ կ՛ունենաս այս կամ այն երեւոյթին ու վիճակին նկատմամբ, բայց քու յաւերժական հեռացումդ` առանց զգուշացումի ու նախապատրաստութեան, անհաւատալի է անպայման, ցնցիչ ու մերժելի` վստահաբար, մանաւանդ երբ առանձին եմ այս անգամ… Չեմ կրնար տեղաւորուիլ նեղ տուփի նմանող այս իրականութեան մէջ, որովհետեւ մեր կապը միշտ դուրս սահած է նեղ սահմաններէն, թռիչք ու ազատութիւն ունեցած է, մենք զայն կառուցած ենք քար առ քար, իսկ հիմա ինչպէ՞ս ընդունիմ, որ մեր այս կերտած թանկարժէք կապը յանկարծ անջատուեցաւ…

Որքան դիւրին ու հաճելի էր տարիներ շարունակ, նուազագոյնը շաբաթը անգամ մը գրել քեզի եւ իսկոյն պատասխան ստանալ, բայց երբեք չէի մտածած, որ կրնամ քո՛ւ մասիդ գրել եւ մտածել, որ պիտի չկարդաս, չպատասխանես, չհակադարձես, արցունքոտ աչքերով հայեացքդ ինծի չուղղես, ինչպէս ըրիր շնորհահանդէսիդ օրը… Համակարգիչի ստեղնաշարը, պաստառն ու ես անհաշտ դարձանք, ամէն անգամ որ փորձեցի պատահածը հերքողի խաբուսիկ ուրախութեամբ մը նամակ գրել քեզի. սրտէս բխած յոյսը միշտ ալ բախեցաւ մտքիս դաժան հակակշիռին ու մատներէս վիշտն ու ցաւը հոսեցան՝ թռչելով այտերս…

Լաւ կը յիշեմ. մեր կապը սկսաւ իմ կողմէս քեզի ուղղուած նամակով մը, անկէ ետք մետաքսի թելի պէս ինքնիրեն աճեցաւ, ձեւ ու խորք ստացաւ, բացութիւնները ակօսուեցան, փոխադարձ յարգանքն ու սէրը արմատացան, յօդուածագիր-խմբագիր կապը անցաւ սովորականի սահմանը, դարձանք լաւ բարեկամներ, լաւն ու վատը բաժնեկցողներ, խօսքով կամ լռութեամբ զիրար հասկցողներ… մետաքսէ թելը դարձաւ ոսկի, որուն մէկ ծայրը ես էի, իսկ միւսը` դուն, իսկ դուն` միշտ ինձմէ աւելի գուրգուրոտ, հետեւողական, մտահոգուող, բարի սիրտով, հեզ ու ոսկի հոգիով: Անսովոր անմեղութիւն մը կար մէջդ. հակառակ տարիքիդ, կեանքի փորձառութեանդ, դիմագրաւած դժուարութիւններուդ` կեանքը քեզ չէր խստացուցած, բարութիւնն ու անկեղծութիւնը ոչ մէկ ձեւով զիջած էին նկարագիրիդ մէջ` յուշելով, որ քու մէջի մանուկդ միշտ արթուն է:

Դուն լոկ յօդուածագիր չէիր ինծի համար, այլ` հարազատ եղբայր, բարեկամ, աշխարհագրական հեռաւորութիւնը իմաստ չունէր մեզի համար, իսկ մեր վերջին հանդիպումը աւելի ու աւելի հարազատ դարձուց մեզ, յաճախ գլուխ-գլխի զրուցեցինք, իսկ բաժանումի պահուն ամուր գրկեցինք զիրար` յուզումով, սակայն երբեք չմտածելով, որ ատիկա վերջին բաժանումն է արդէն…

Միայն բաժանումը չէ խոր տխրութեանս պատճառը, այլ` հիմնականօրէն այն, որ քու կեանքդ սուր դանակով յանկարծ կտրուեցաւ, մարեցաւ լոյսդ: Որքա՜ն ընելիք ունէիր տակաւին, որքա՜ն կորով եւ խանդավառութիւն կար մէջդ, որքա՜ն կամք եւ պատրաստակամութիւն` շարունակելու, պայքարելու, յաղթահարելու… ինչո՞ւ այս վերջին պայքարն ալ չյաղթեցիր…

«Ազդակ»-ի էջերն ալ կարօտցած են քեզ, դատարկութիւն մը կայ նաեւ հոն, առանց քու յօդուածներուդ` անպայման բան մը կը պակսի «Ազդակ»-ի մէջ, զոր այնքան սիրեցիր ու արժեւորեցիր, առանց քու կողմէդ ճիգի` դարձար հարազատ անդամը այս օրաթերթի մեծ ընտանիքին, հաւատարիմ մնացիր անոր, մի՛շտ երախտապարտ: Քու եւ «Ազդակ»-ի միջեւ կապը եղաւ միշտ հեզասահ, դիւրահաղորդ, անկեղծ ու անմիջական, երբեք չդժգոհեցար, չբողոքեցիր, չնեղացար, երբ գրութիւնդ ուշացաւ կամ նոյնիսկ չհրատարակուեցաւ, միշտ հասկացողութեամբ եւ յատկապէս վստահութեամբ մօտեցար մեզի` հաւատալով, որ խմբագրութիւնը լաւագոյնն ու յարմարագոյնը կը տնօրինէ: Այս կապով միշտ հպարտացար, իսկ մենք հարստացանք քու ստորագրած յօդուածներովդ, որոնց պարզութեան մէջ միշտ կային` խորքը, պատկերը, պատգամը:

6 տարի անընդմէջ տէրը եղար շաբաթական դրութեամբ «Ազդակ»-ին յօդուած յղելու քու յանձնառութեանդ, արտադրեցիր, ստեղծագործեցիր, պրպտեցիր ու մեզի վստահեցար  քու մտքիդ, հոգիիդ ու սրտիդ արգասիքները: Իսկ մենք, մեր կարելիութեան սահմաններուն մէջ, միշտ փորձեցինք գուրգուրանքով, բծախնդրութեամբ եւ ուշադրութեամբ վերաբերիլ յօդուածներուդ հետ, որոնք ունեցան ընթերցողներու լայն խաւ մը, որ սիրեց գրութիւններուդ նիւթերը, պարզ ու հաղորդական ոճդ, իրական կեանքին առնչուած ըլլալը, տողերուդ մէջ թաքնուած սրամտութիւնները, երգիծական ակնարկութիւններդ, երբեմն` մարդոց ցաւերն ու հոգերը, աւանդութիւններն ու կեանքը ամբողջ…

Տակաւին երէկ էր «Ճամբորդութիւն յիշողութեան մէջ» գիրքիդ շնորհահանդէսը, «Ազդակ»-ի յարկին տակ յուզումն ու ուրախութիւնը կը տիրէին հոգիիդ, որմէ բխող սրտի խօսքն ալ կը խեղդուէր կոկորդդ, բայց հոն եւս հարազատ ու պարզ էիր, այդ էր պատճառը, որ դժուարացար քու մասիդ այդքան դրական արտայայտութիւններ ընդունիլ դիւրաւ… «Ես ի՜նչ ըրի որ» ըսիր ու կրկնեցիր: Շատ բան ըրիր ու աւանդ ձգեցիր մեզի, նաեւ` յաջորդող սերունդներուն, փնտռուած ստորագրութիւն դարձար մեր էջերուն մէջ, ի զուր չէ, որ գիրքդ շուտով սպառեցաւ… Տակաւին պիտի ընէիր, բայց…

Մտածումներս ու զգացումներս զիրար կը հրմշտկեն, սակայն մատներս արդէն կը դանդաղին: Վերջին խօսքը կրկին քուկդ թող ըլլայ, քու տողերդ, որոնք յաճախ հասած են ինծի, երբ սովորականէն երկար լռած եմ. «Լռութիւնը ոսկի է, Նորա՛, սակայն քեզմէ քանի մը տող ստանալը շատ աւելի արժէքաւոր է»:

Երանի կարենայի քեզմէ ալ քանի մը տող ստանալ` իբրեւ ոսկիէն շատ աւելի թանկագին ու հարազատ գանձեր:

Պիտի կարօտնանք քեզ, պիտի մնաս լուռ ու անմոռաց ներկայութիւն:

 

 

Նախորդը

Լիբանանեան Օրագրութիւն – 3

Յաջորդը

Ապագայ Լրագրողներու Վարժողական Ծրագիր (7) . Ապագայ Լրագրողները Կատարեցին Իրենց Գործնական Առաջին Աշխատանքը

RelatedPosts

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
Անդրադարձ.  Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Կիսաքանդ Բնակարանի Ճակատագիրը Ո՞վ Կ՛որոշէ
Անդրադարձ

Ինչո՞ւ Այս Երկրին Յաջորդ Յեղափոխութիւնը Կրնայ Վանքէ Մը Սկսիլ

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?