Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուսիա Կ՛առաջարկէ Թուրքիոյ` Եօթներու Խմբակին Անդամակցութիւնը

Սեպտեմբեր 6, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ յայտնեց, որ Թուրքիան կրնայ Չինաստանի եւ Հնդկաստանի կողքին մաս կազմել Եօթներու խմբակին` նկատի ունենալով միջազգային հարցերու մէջ իր դերակատարութիւնը: Այս մասին հաղորդեց «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը:

Պատասխանելով Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի Ռուսիոյ` Եօթներու խմբակ վերադարձին մասին առաջարկին վերաբերեալ հարցումի մը` Փութին ըսաւ, թէ Չինաստանն ու Հնդկաստանը եւս յարմար թեկնածուներ են:

Յիշեցնենք, որ Ռուսիոյ` Ութերու խմբակին անդամակցութիւնը սառեցուեցաւ 2014-ին Խրիմը կցելուն եւ արեւելեան Ուքրանիոյ մէջ զինեալներուն իր քաղաքական ու զինուորական աջակցութեան համար: Այս համախմբումը այժմ կը կոչուի Եօթներու խմբակ:

Ռուսիոյ նախագահը Վլատիվոսթոքի մէջ Արեւելեան տնտեսական համախմբումին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց. «Թուրքիոյ աշխատանքին նկատմամբ եւս պահանջարկ կայ եւ յարմար է` նկատի ունենալով միջազգային հարցերու եւ շրջանին մէջ անոր դերակատարութիւնը»:

Փութին ըսաւ, որ համախմբումին մասնակիցները յայտնած են, թէ կարգ մը նիւթեր, ինչպէս` Միջին Արեւելքի մէջ գոյութիւն ունեցող տագնապները «աւելի հետաքրքրական» են, քան Ութերու խմբակը:

«Ասիկա մէկը ցոյց կու տայ, թէ առանց Հնդկաստանի եւ Չինաստանի նման երկիրներու, զարգացման արդիական հարցեր չեն կրնար լուծուիլ», ըսաւ Փութին:

 

Նախորդը

«Ուքրանիոյ Հետ Բանտարկեալներու Փոխանակման Հարցին Շուրջ Բանակցութիւնները Կը Մօտենան Աւարտին» Կ՛ըսէ Փութին

Յաջորդը

Ըստ Ամերիկեան «Թայմ» Պարբերաթերթին. Փոմփէօ Մերժած Է Ստորագրել Թալեպան Շարժումին Հետ Գոյացած Համաձայնութիւնը

RelatedPosts

«Մօտ Օրէն Վենեզուելայի Մէջ Ցամաքային Շարժում Մը Պիտի Տեսնենք» Կ՛ըսէ Թրամփ
Միջազգային

«Մօտ Օրէն Վենեզուելայի Մէջ Ցամաքային Շարժում Մը Պիտի Տեսնենք» Կ՛ըսէ Թրամփ

Հոկտեմբեր 25, 2025
Թրամփ Դադրեցուց Քանատայի Հետ Առեւտրական Բոլոր Բանակցութիւնները
Միջազգային

Թրամփ Դադրեցուց Քանատայի Հետ Առեւտրական Բոլոր Բանակցութիւնները

Հոկտեմբեր 25, 2025
Ըստ «Մաարիւ»-ին.  Նեթանիահու Միացեալ Նահանգներուն Փոխանցեց Կազայի Մէջ Թրքական Ներկայութեան Իր Մերժումը
Միջազգային

Ըստ «Մաարիւ»-ին. Նեթանիահու Միացեալ Նահանգներուն Փոխանցեց Կազայի Մէջ Թրքական Ներկայութեան Իր Մերժումը

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?