Հայ աշակերտ հովանաւորելու ծրագիրը անցնող տարեշրջանին մեծ թափով վերսկսաւ իր աշխատանքներուն` շնորհիւ բարերարներու մեծաթիւ եւ մեծագումար մասնակցութեան, հակառակ երկրին մէջ տիրող ընկերային-տնտեսական դժուարին պայմաններուն:
Այս ծրագիրը կը միտի նիւթապէս եւ բարոյապէս աջակցիլ ազգային վարժարաններու աշակերտներուն` տնտեսական դժուարութիւններ դիմագրաւող իւրաքանչիւր աշակերտի ապահովելով 250 ամ. տոլարի օժանդակութիւն:
Առ այդ, 2018-2019 կրթական տարեշրջանին հանգանակուեցաւ 131.250 ամ. տոլար 123 անհատներու, հաստատութիւններու եւ կառոյցներու աջակցութեամբ:
Այս առիթով շնորհակալութիւն կը յայտնենք բոլոր անոնց, որոնք մասնակից դարձան այս ծրագիրի յաջողութեան:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ