Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ իր գրասենեակին մէջ հանդիպում ունեցաւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Սթեֆանօ Տել Քոլի հետ, որուն հետ քննարկեց հարաւային սահմաններուն վրայ տեղի ունեցած վերջին իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Ընդհանուր ապահովութեան կառոյցի եւ ՄԱԿ-ի միջեւ համակարգման ուղիներու հարցը: