Երէկ իր աւարտին հասաւ Սենթ Լուիսի մէջ (Միացեալ Նահանգներ) կատարուող «Սինքուեֆիլտ Քափ» ճատրակի միջազգային գերմրցաշարքը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 12 կրանտմասթըրներ:
Տիտղոսին տիրացաւ աշխարհի նորվեկիացի ախոյեան Մակնիւս Քարլսըն, որ ապահովեց 6,5 կէտ:
Հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան, որ իր վերջին մրցումին եւս հաւասարութիւն մը արձանագրեց, մրցաշարքը աւարտեց առանց յաղթանակի եւ վերջին դիրքին վրայ (4,5 կէտով):