Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պրազիլի Նախագահը Պիտի Ընդունի 20 Միլիոն Տոլարի Օժանդակութիւնը, Եթէ Եօթներու Խմբակի Ղեկավարները Արտօնեն, Որ Զայն Օգտագործէ Ըստ Իր Կամքին

August 30, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պրազիլի նախագահ Ժայիր Պոլսոնարու յայտարարած է, թէ Ամազոնի արեւադարձային անտառին մէջ բռնկած մրցանշային թիւով հրդեհներու դէմ պայքարին նպատակաուղղուած 20 միլիոն տոլարի օժանդակութիւնը պիտի ընդունի միայն այն պարագային, եթէ Եօթներու խմբակի ղեկավարները արտօնեն զայն օգտագործել այնպէս, ինչպէս նպատակայարմար կը գտնէ Պրազիլի իշխանութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ բրիտանական «Տէյլի Մէյլ»-ը:

Աղբիւրին հաղորդումով, Պրազիլի իշխանութիւնները այդ որոշումը տուած են Ամազոնի անտառին մէջ չնահանջող հրդեհներու լոյսին տակ:

«Պրազիլի կառավարութիւնը` նախագահին գլխաւորութեամբ, պատրաստ է այլ երկիրներէն եւ կազմակերպութիւններէն ելեւմտական աջակցութիւն ընդունելու», յայտնած է նախագահի բանբեր Ռեկօ Պարրոս եւ աւելցուցած, որ երկրին տրամադրուելիք գումարները պիտի փոխանցուին Պրազիլի ժողովուրդի լիակատար կառավարման:

Եօթներու խմբակի վեհաժողովի ընթացքին խմբակի անդամ երկիրները համաձայնութիւն գոյացուցած էին Ամազոնի անտառին մէջ բռնկած մրցանշային թիւով հրդեհներու դէմ պայքարի ֆինանսաւորման օժանդակելու:

Պրազիլի նախագահը մերժած էր այդ օժանդակութիւնը` յայտարարելով, որ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն ատոր ետին իր անձնական քաղաքական շահը կը հետապնդէ եւ կը փորձէ փրկել Ամազոնի անտառները այնպիսի ձեւով մը, որ կարծէք «գաղութ կամ անտէր հող» ըլլային:

Ան աւելի ուշ յայտարարած էր, թէ Ֆրանսայէն գումարներ պիտի չընդունի, մինչեւ որ Մաքրոն յետս կոչէ իրեն հասցուցած վիրաւորանքը:

 

 

Նախորդը

Այնճարի Հիմնադրութեան 80-ամեակ. Պապենական Խճանկար

Յաջորդը

«Տակաւին Կանուխ Է Ամերիկեան Ուժերու Աֆղանիստանէն Հեռանալուն Մասին Խօսելու Համար» Կ՛ըսէ Զօր. Տանֆըրտ

RelatedPosts

Թրամփ. «Եւրոպան Ճիշդ Ուղղութեամբ Չ՛ընթանար»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Եւրոպան Ճիշդ Ուղղութեամբ Չ՛ընթանար»

January 22, 2026
Փեսքով. «Փութին Պատրաստ Է Առանց  Նախապայմաններու Բանակցելու Ուքրանիոյ Հետ»
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Մոսկուայի Մէջ Ուիթքոֆ-Փութին Հանդիպում

January 22, 2026
Պարրաք. «Սուրիոյ Ժողովրդավարական Ուժերու` Իբրեւ ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Պայքարի Գլխաւոր Ուժ Դերակատարութիւնը Վերջ Գտաւ
Միջազգային

Պարրաք. «Սուրիոյ Ժողովրդավարական Ուժերու` Իբրեւ ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Պայքարի Գլխաւոր Ուժ Դերակատարութիւնը Վերջ Գտաւ

January 22, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.