Իտալիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին միջնապահ Անտրէա Փիրլօ մարզիչի «Փրօ» կարգի դասընթացքի կը մասնակցի եւ շուտով պիտի ստանայ իր արտօնագիրը` դառնալով վկայեալ մարզիչ:
Նշուեցաւ նաեւ, որ Փիրլոյէն բացի այդ դասընթացքին կը մասնակցին Լուքա Թոնի, Ուոլթըր Սամուէլ, Թիակօ Մոթթա եւ Քրիսթիան Քիւու:
Նախապէս մարզիչի «Փրօ» կարգի արտօնագիր ստացած են Չաւի, Ռաուլ Կոնզալես եւ Խապի Ալոնսօ: