Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Պայէրն Միւնիխ «Պունտըսլիկա»-ի 2-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին արձանագրեց տարեշրջանի իր առաջին յաղթանակը` 3-0 արդիւնքով յաղթական վերադառնալէ ետք Շալքէին դաշտէն:
Պայէրն տարեշրջանը սկսած էր հաւասարութեամբ:
Շալքէի դէմ տեղի ունեցած մրցումին, որուն ներկայ էր 62 հազար հանդիսատես, Ռոպերթ Լեւանտովսքի եղաւ իր կազմին եւ մրցումին աստղը` իր իրագործած հեթրիքին շնորհիւ (20-րդ` փենալթիով, 50-րդ եւ 75-րդ):
Այս հանգրուանի բացման մրցումին, Պորուսիա Տորթմունտ արձանագրեց իր երկրորդ յաղթանակը Քէօլնի դէմ` 3-1 արդիւնքով: