Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լա լիկա»-ի 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Պարսելոնա երէկ գիշեր իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Ռէալ Պեթիսը:
Պարսա, որ տարեշրջանը սկսած էր պարտութեամբ, երէկուան մրցումին ունեցաւ բաւական լաւ ներկայացում մը, հակառակ անոր որ յաջորդաբար երկրորդ մրցումն ըլլալով դաշտ ներկայացաւ առանց Լիոնել Մեսսիի (վիրաւոր ըլլալուն պատճառով):
Մրցումը աւարտեցաւ Պարսայի յաղթանակով` 5-2 արդիւնքով:
Պարսայի նորեկ Անթուան Կրիզման իր առաջին կոլը նշանակեց 41-րդ վայրկեանին, ապա երկրորդ մըն ալ` 50-րդ վայրկեանին, աւելի քան 79 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան: