Եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումները կը սկսին այսօր` ուրբաթ, 23 օգոստոսին, երբ կը կատարուին շարք մը ճակատումներ:
Անգլիոյ 3-րդ հանգրուանի բացման մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր ժամը 22:00-ին (բոլոր ժամերն ալ պէտք է նկատի ունենալ Պէյրութի ժամանակացոյցով), Ասթոն Վիլա կը հիւրընկալէ Էվըրթընը:
Ասթոն Վիլա ցարդ կրած է երկու պարտութիւն, մինչ Էվըրթըն ունի 4 կէտ:
Սպանիոյ 2-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ, Կրանատա կը հիւրընկալէ Սեւիլլան (21:00), մինչ Լեվանթէ` Վիարէալը (23:00):
Գերմանիոյ 2-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, ժամը 21:30-ին, Պորուսիա Տորթմունտ հիւրը կ՛ըլլայ Քէօլնին:
Մնացեալ բոլոր մրցումները պիտի շարունակուին շաբաթավերջին: