ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Ձեր փնտռածը պիտի գտնէք: Ճնշումներէ պիտի հանգստանաք, եւ ձեր տրամադրութիւնը պիտի բարելաւուի: Ամսուան ուրախ օրերէն մէկն է, օգտուեցէք առիթէն:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Նիւթական դժուար պայմաններու մէջ պիտի յայտնուիք: Վերատեսութեան պիտի ենթարկէք ձեր հաշիւները կամ նոր ծրագիր մը պիտի մշակէք: Անդամագրուեցէք միութեան մը, որպէսզի ձեր ժամանակը լեցնէք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Հին բարեկամէ մը ստացուած լուր մը պիտի նեղացնէ ձեզ: Տեղքայլի մէջ մնացած աշխատանքի մը մասին քննարկում պիտի կատարէք: Հանդարտութեամբ ծրագրեցէք եւ մի՛ աճապարէք որոշում տալու մէջ:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Դժուարութեամբ պիտի համակերպիք փոփոխութեան ենթարկուած կացութեան: Զիջումներ պէտք է կատարէք, որպէսզի դիւրանան ձեր աշխատանքները:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Արկածախնդիր մարդիկ ձեր ուշադրութիւնը պիտի գրաւեն: Զգուշ եղէք, յառաջիկայ օրերուն վտանգի պիտի ենթարկուիք: Գրաւի մի՛ գաք, որպէսզի յուսախաբ չըլլաք:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Մի՛ աճապարէք գնելու կամ ծախելու արարքին մէջ: Ձեր ընկերներուն կարծիքը առէք որեւէ գործի ձեռնարկելէ առաջ: Որոշում տալու մէջ աճապարանքը կը վնասէ ձեզի:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Վիճաբանութենէ հեռու մնացէք: Ժամանակ առէք` հանգստանալու եւ հեռու մնալու ըսի-ըսաւներէն: Սիրային մթնոլորտ եւ ոսկի առիթ մը պիտի ունենաք, եթէ ամուրի էք:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Յարմար ժամանակ է նոր միտքեր յառաջ բերելու կամ ծրագիր մը սկսելու: Յատուկ առիթ մը պիտի ունենաք հին հարց մը լուծելու: Ձեր պատասխանատուութիւնները պիտի աւելնան:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Դժուարութեամբ պիտի համակերպիք ձեր գործի նոր պայմաններուն: Ամառնային արձակուրդը օգտագործեցէք նաեւ հանգիստ ընելու եւ զբօսնելու ընկերներով:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Սիրային հանդիպում մը պիտի ունենաք: Լուսինը այս օրերուն պիտի ապահովէ ձեր աշխուժութիւնը: Բախտը ձեր կողքին պիտի ըլլայ, օգտուեցէք առիթէն:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Ձեզմէ պահանջուած պարտականութիւնը կատարելու համար պէտք ունիք հանդարտ միջավայրի: Ձեր ստացած օժանդակութիւնը օգտագործեցէք` ձեր աշխատանքները յառաջ մղելու:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Լաւ անուն ձգած էք ձեր շրջապատին մէջ: Շատ լաւ գիտէք ձեր պարտաւորութիւնները: Յաջող քննարկումներ պիտի ունենաք ձեր գործին մէջ եւ աշխատանքային խորհրդաժողովի մը պիտի մասնակցիք: