Ինչպէս ծանօթ է, 31 օգոստոսէն 15 սեպտեմբեր Չինաստան պիտի հիւրընկալէ ՖԻՊԱ պասքեթպոլի տղոց աշխարհի ախոյեանութիւնը:
Մրցաշարքին մասնակցող խումբերը աւելի քան ամիսէ մը ի վեր կը պատրաստուին անոր` կատարելով շարք մը բարեկամական մրցումներ` վերջնականապէս յստակացնելու համար իրենց կազմերը:
Անոնց կարգին եղան բնականաբար Միացեալ Նահանգներ, որոնք սակայն ոչ համոզիչ արդիւնքներ արձանագրեցին եւ կրեցին երկու պարտութիւն` «Ճի.» լիկայի եւ ոչ ամերիկեան լիկաներու պասքեթպոլիստներէն կազմուած խումբէն:
Միացեալ Նահանգներ իրենց յաջորդ բարեկամական մրցումը պիտի կատարեն Սպանիոյ դէմ: