Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Միացեալ Նահանգներ Ոգեւորութեամբ Պիտի Աջակցին Բրիտանիոյ` Առանց Համաձայնագիրի Եւրոպական Միութենէն Դուրս Գալու Որոշումին» Կ՛ըսէ Պոլթըն

Օգոստոս 14, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Բրիտանիոյ վարչապետ Պորիս Ճոնսըն հանդիպում ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճոն Պոլթընի հետ:

Բրիտանիոյ կառավարութեան կայքը հաղորդեց, որ հանդիպումին ընթացքին արծարծուած են Բրիտանիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ առեւտրական սերտ համագործակցութեան նիւթերը: Անոնք քննարկած են նաեւ ազատ առեւտուրի իրականացումը Բրիտանիոյ` Եւրոպական Միութենէն դուրս գալէն ետք:

Բացի ատկէ, Բրիտանիոյ վարչապետն ու Միացեալ Նահանգներու նախագահի խորհրդականը անդրադարձած են Իրանի վերաբերող նիւթերուն եւ Հոնկ Քոնկի մէջ բողոքի ցոյցերուն:

«Ռոյթըրզ» կը հաղորդէ, որ Պոլթըն Լոնտոն իր այցելութեան ընթացքին յայտարարած է, թէ Ուաշինկթըն պիտի աջակցի Բրիտանիոյ` առանց համաձայնագիրի Եւրոպական Միութենէն դուրս գալու որոշումին:

«Եթէ Բրիտանիոյ կառավարութեան որոշումը այդ է, մենք ոգեւորութեամբ պիտի աջակցինք ատոր», յայտնած է Պոլթըն:

Բրիտանիոյ վարչապետին հետ զրոյցի ընթացքին ան նշած է, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ «կ՛ուզէ 31 հոկտեմբերին Բրիտանիոյ` Եւրոպական Միութենէն յաջող ելքը տեսնել»:

Պոլթըն նաեւ նշած է, որ «Պրեքզիթ»-էն անմիջապէս ետք Միացեալ Նահանգներ պատրաստ պիտի ըլլան Բրիտանիոյ հետ ազատ առեւտուրի համաձայնագիրի շուրջ աշխատանքին սկսելու: «Մենք ձեզի հետ ենք», աւելցուցած է ան:

«Ռոյթըրզ» կը նշէ, որ Պոլթըն Լոնտոնին ուղղած է այն գլխաւոր պատգամը, թէ Միացեալ Նահանգներ պիտի օգնեն մեղմացնելու Բրիտանիոյ` Եւրոպական Միութենէն դուրս գալը` կնքելով ազատ առեւտուրի մասին համաձայնագիր:

Թրամփի խորհրդականին համաձայն, Լոնտոնն ու Ուաշինկթընը պիտի կարենան համաձայնիլ տնտեսութեան առանձին հատուածներու մէջ առեւտրական գործարքի շուրջ, իսկ աւելի բարդ հարցերը լուծել աւելի ուշ:

Պոլթըն ողջունեց Բրիտանիոյ կառավարութեան Արաբական ծոցի մէջ նաւերու պաշտպանութեան առաքելութեան մասնակցելու որոշումը` աւելցնելով, որ իր երկիրը ապագային Բրիտանիոյ հետ Իրանի շուրջ պիտի կատարէ «աշխուժ քննարկումներ»:

Նախորդը

Չինաստանի Մէջ «Լեքիմա» Հզօր Մրրիկի Զոհերու Թիւը Կը Բարձրանայ

Յաջորդը

Փութին-Ալիեւ-Ռուհանի Հանդիպումը` Յետաձգուած Է

RelatedPosts

Լաւրով Եւ Ռուպիօ Կրկին Զրուցած Են`  Այս Անգամ «Ոտքի Վրայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Եւ Ռուպիօ Կրկին Զրուցած Են` Այս Անգամ «Ոտքի Վրայ»

Յուլիս 12, 2025
Քաց. «Իսրայէլ Կրկին Պիտի Հարուածէ Իրանը,  Եթէ Թեհրանի Կողմէ Սպառնալիքի Ենթարկուի»
Միջազգային

Քաց. «Իսրայէլ Կրկին Պիտի Հարուածէ Իրանը, Եթէ Թեհրանի Կողմէ Սպառնալիքի Ենթարկուի»

Յուլիս 12, 2025
ՔԱԿ-ի Զինեալները Հիւսիսային Իրաքի Մէջ  Խորհրդանշական Արարողութեամբ  Սկսած Են Զէնքերը Վար Դնել
Միջազգային

ՔԱԿ-ի Զինեալները Հիւսիսային Իրաքի Մէջ Խորհրդանշական Արարողութեամբ Սկսած Են Զէնքերը Վար Դնել

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?