Ինչպէս ծանօթ է, 15-18 օգոստոսին Լիբանան կը հիւրընկալէ Արեւմտեան Ասիոյ կրտսերներու աթլեթիզմի 3-րդ ախոյեանութիւնը` հովանաւորութեամբ Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի:
Այս գծով յաւելեալ տեղեկութիւններ հաղորդելու նպատակով, Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնը Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի կեդրոնատեղիին մէջ (Հազմիէ), այսօր` հինգշաբթի, 8 օգոստոսին, երեկոյեան ժամը 18:00-ին պիտի տայ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը` ներկայութեամբ յատուկ հրաւիրեալներու:
Այս ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն հետեւեալ 11 երկիրները. Պահրէյն, Քուէյթ, Սէուտական Արաբիա, Քաթար, Իրաք, Օման, Եմէն, Սուրիա, Յորդանան, Պաղեստին եւ Լիբանան:
Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ ներում հայցեցին, որ պիտի չկարենան մասնակցիլ ախոյեանութեան:
Նշենք, որ այս մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ Ժամհուր վարժարանին մէջ: